Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ընդունեց Ալլաուին Եւ Շարունակեց Քննարկել Լիբանանի Կառավարութեան Տագնապին Լուծման Վերաբերող Հարցեր

November 24, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Իրաքի նախկին վարչապետ Իյատ Ալլաուին` ներկայութեամբ նախկին նախարար Նիքոլա Թուէյնիի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ իրաքեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ Ազգային երկխօսութիւն, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու ապագային մասին խորհրդաժողով մը կազմակերպելու կարելիութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ալլաուի շեշտեց, որ կոչ ուղղած է Լիբանանի մէջ Ազգային երկխօսութեան նիստ մը կազմակերպելու եւ Պաապտայի մէջ կայացնելու ներքին լիբանանեան այդ երկխօսութիւնը` կասեցնելու համար երկրին դիմագրաւած տագնապներն ու անոնց հետեւանքները:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Իրաք ի՞նչ դերակատարութիւն կրնայ ունենալ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու, առումով Ալլաուի ըսաւ, որ Արեւելքի յատուկ խորհրդաժողով մը կազմակերպելու ընդմէջէն իրենք կը փորձեն արաբ կարգ մը ղեկավարներուն ուշադրութեան յանձնել, թէ Լիբանանին նեցուկ կանգնիլը անհրաժեշտ է:

Ալլաուի հաստատեց, որ կան շարք մը օրինակելի դասեր, զորս արաբական երկիրները կը սորվին Լիբանանէն, ինչպէս` ժողովրդավարութիւնը, մարդկային իրաւունքները, ազգային համերաշխութիւնն ու բազմաթիւ այլ բաներ:

«Հետեւաբար մենք յանձնառու կը մնանք Լիբանանի լաւ ըլլալուն եւ կը փորձենք գտնել միջոցներ` անոր զօրակցելու համար», ըսաւ ան:

Նշենք, որ Ալլաուի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ շարունակեց հետապնդել նախանցեալ օր`

Լիբանանի անկախութեան 78-ամեակին առիթով Պաապտայի մէջ իր, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին արծարծուած հարցերը:

Նախագահ Աուն ընդունեց հաղորդակցութեան միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան վերաբերող հարցերը:

Նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուի: Քննարկուեցան լիբանանեան-եգիպտական յարաբերութիւնները եւ լիբանանեան իրադարձութիւնները` վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ:

Պաապտայի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Եուանկ Տի Քուան, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:

Անկախութեան տօնին առիթով նախագահ Աուն շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատէն, Ալճերիոյ նախագահ Ապտել Մեժիտ Թպունէն եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանէն:

Ասատ շեշտեց, որ Սուրիա յանձնառու է երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու` ընդգծելով, որ Սուրիա միշտ կը զօրակցի Լիբանանին եւ անոր բարգաւաճման առաջնորդող բոլոր կարելիութիւններուն:

Թպուն ողջունեց լիբանանեան-ալճերիական երկկողմանի ամրապնդուած յարաբերութիւնները:

Իր կարգին, Էրտողան հաստատեց, որ Թուրքիոյ համար կարեւոր են Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու բարգաւաճումը` աւելցնելով, որ Թուրքիա պատրաստ է զօրակցելու Լիբանանի պետութեան եւ ժողովուրդին:

Նախորդը

Ամերիկացի Քոնկրեսականներու Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Լիբանան

Յաջորդը

Հայաստան Մոսկուային Յայտնած Է, Որ Պատրաստակամ Է Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Առանց Նախապայմաններու Կարգաւորելու

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.