Մարատա հոսանքի երեսփոխան Ֆայեզ Ղոսըն երէկ մահացաւ 71 տարեկան հասակին:
Ղոսըն ծնած է Քոսպա, 28 յունիս 1950-ին: Առաջին անգամ երեսփոխան ընտրուած է 1992-ին` 1992-1996 խորհրդարանական նստաշրջանին համար, եւ վերընտրուած է 1996-ին` 1996-2000 խորհրդարանական նստաշրջանին համար:
2006-էն ի վեր ան Մարատա հոսանքի փոխնախագահի պաշտօնը կը վարէ:
Ղոսընի մահը գուժեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որ հաստատեց, թէ ամբողջ կեանքին ընթացքին Ղոսըն իրեն համար եղած է եղբայր, անկեղծ ու հաւատարիմ ընկեր:
Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի իր կարգին գուժեց Ղոսընի մահը շեշտելով, որ Ղոսըն իր ետին մեծ սէր եւ ազգային ներկայութիւն ձգած է ո՛չ միայն Քուրայի մէջ, զոր պաշտելու չափ սիրած է, այլ` ամբողջ հիւսիսային Լիբանանի մէջ:
Խորհրդարանը երէկ երեկոյեան գուժեց Ղոսընի մահը` հաստատելով, որ Ղոսընի կորուստով խորհրդարանը կը կորսնցնէ Լիբանանը բուռն կերպով պաշտպանող իր պողպատեայ անձնաւորութիւններէն անդամ մը, որ ունէր իր սկզբունքները, դերակատարութիւնը եւ ինքնութիւնը: