Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլը, որուն հետ քննարկեց երկրին տնտեսական ու ելեւմտական իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի ընդգծեց, որ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած գումարներ ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքներուն տէր պէտք է կանգնիլ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանը պէտք է յանձնառու մնայ մշակելու օրինագիծեր, որոնք կ՛երաշխաւորեն այդ իրաւունքները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ Կեդրոնական դրամատան Ա. փոխկառավարիչ Ուասիմ Մանսուրին, որուն հետ քննարկումներուն ընթացքին հաստատեց նոյն սկզբունքը:



