Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

November 24, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 482 վարակուածներ եւ մահացած 11 ուրիշներ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ սեւ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին սակը անցաւ 23.800 լ. ոսկիի սահմանը:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նասեր Եասին շեշտեց, որ աղբահանումի մնայուն եւ արմատական լուծումներ գտնելու իմաստով աշխատանքը ընթացքի մէջ է:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան հաստատեց, որ հնդկական կանեփի ցանքը տնտեսութեան փրկօղակ է` աւելցնելով, որ կան օտար ընկերութիւններ, որոնք պատրաստ են Լիբանանի մէջ գործարաններ կառուցելու` կանեփի արտադրութեան նպատակով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ նախանցեալ օր Պաապտայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը` իշխանութեան երեք պետերուն միջեւ, եղած է դրական: Ան շեշտեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի Լիբանան իր վերադարձէն ետք նախարարաց խորհուրդը նիստի հրաւիրելու լուրջ փորձ մը պիտի կատարէ:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ պէտք է լրջօրէն վերաբերիլ այն իրականութեան, որ Մոսկուա Լիբանանին յանձնած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող արբանեակային լուսանկարներ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ կառավարութեան պատասխանատուութիւնն է արագ եւ կարելի լուծումներու որոնումը: «Երկրին եւ քաղաքացիներուն արժանապատուութեան պահպանումը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն` հեռու ամէն տեսակի մեծամտութենէ», ըսաւ ան:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի անդամ, երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի հաստատեց, որ իրենց դաշինքները քաղաքական են եւ ոչ ընտրական: «Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի ծրագիրին դէմ պիտի պայքարինք, որովհետեւ անիկա Լիբանանի ինքնութիւնը կը վտանգէ», ըսաւ ան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր կոչ ուղղեց տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիին` ներկայացնելու իր հրաժարականը: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան չի կրնար Հըզպալլայի արտաքին քաղաքականութեան հետեւանքները կրել, եւ շեշտեց ներքին լիբանանեան երկխօսութեան անհրաժեշտութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն ընդունեց Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան Միջին Արեւելքի հարցով աւագ խորհրդական Մարթին Սեմփսընը` ընկերակցութեամբ զինուորական կցորդ Ռիչըրտ Սոնտըրզի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու բանակներուն միջեւ համագործակցութեան միջոցներն ու կարելիութիւնները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ շէյխ Հասան Իզզէտտին ընդգծեց, որ խորհրդարանի մեծամասնութիւնը ունեցողը պէտք է քաղաքական այլ ուժերու հետ համախոհութիւն գոյացնէ, եւ այս տարազը դժուար թէ փոփոխութեան ենթարկուի:

 

 

 

Նախորդը

Յաջորդը

Քանաան. «Կառավարութեան Հարցապնդման Նիստ Պիտի Պահանջեմ, Եթէ Դրամատնային Գումարները 3900-ի Սակով Վճարելու Հարցին Նկատմամբ Լրջութիւն Չցուցաբերուի»

RelatedPosts

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ  Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն
Լիբանանեան

Աուն Սալամը Տեղեակ Պահեց Փարիզի Մէջ Իր Հանդիպումներու Արդիւնքներէն

September 19, 2026
Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի  Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան  Ամրապնդման Նկատմամբ»
Լիբանանեան

Իսա. «Տակաւին Յանձնառու Ենք Լիբանանի Գերիշխանութեան Եւ Բանակի Կարողութեան Ամրապնդման Նկատմամբ»

September 19, 2026
Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը  Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ  Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի  Իրականացման Հետեւելու Համար
Լիբանանեան

Սուրիական Թեքնիք Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Այցելած Է` Երկու Երկիրներուն Միջեւ Երկաթուղային Ցանցի Վերամիացման Նախագիծի Իրականացման Հետեւելու Համար

September 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.