Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոսկուայի Մէջ. «Եթէ Սէուտական Արաբիա Հրաւիրուիմ, Ուղղակի Հոն Պիտի Մեկնիմ, Իսկ Հըզպալլայի Զինեալ Թեւը Շրջանային Խնդիր Է» Շեշտեց Պու Հապիպ

Նոյեմբեր 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ երէկ այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ իր ռուս  պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-ռուսական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի գործադրելիք կարեւորագոյն բարեկարգումները:

Շուրջ երեքուկէս ժամ տեւած հանդիպումը շարունակուեցաւ նաեւ ի պատիւ Պու Հապիպի սարքուած ճաշկերոյթի մը շուրջ:

Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Լաւրովին` Մոսկուայի կողմէ Լիբանանին տրամադրուած Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին վերաբերող արբանեակային լուսանկարներուն համար, որոնք առնուած էին 4 օգոստոս 2020-ին, պայթումէն առաջ եւ վերջ:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ այդ լուսանկարները պիտի զետեղուին լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն տրամադրութեան տակ` յոյսով, որ անոնք օժանդակեն Լիբանանը հարուածած ողբերգական այդ աղէտին ճշմարտութեան բացայայտումին:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ նաեւ, որ Լաւրովի հետ քննարկած է լիբանանեան քաղաքական եւ տնտեսական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ այն քայլերը, որոնք արդէն իսկ սկսած են առնուիլ Միջազգային դրամական ֆոնտին եւ լիբանանեան պետութեան միջեւ:

«Քննարկեցինք նաեւ կատարուելիք բարեկարգումները, յատկապէս` ելեկտրականութեան եւ դրամատնային մարզերը, ինչպէս նաեւ պետական մարզը վերականգնելու իմաստով», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ սերտած են երկկողմանի համաձայնագիրները աշխուժացնելու միջոցներն ու կարելիութիւնները:

«Լաւրով ընդգծեց, որ իրենք կը քաջալերեն Լիբանանի մէջ գործող ռուսական ընկերութիւնները` յաւելեալ աշխուժ քայլեր որդեգրելու լիբանանեան պետական մարզը վերականգնելու եւ ուժանիւթի մարզին մէջ աշխատելու առումով», ըսաւ ան:

Պու Հապիպ նկատել տուաւ, որ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ քննարկած է նաեւ Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու Սուրիոյ ապագային վերաբերող հարցեր` ողջունելով ռուսական նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը` Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձ երաշխաւորելու առումով:

Լրագրողներու հարցումներուն պատասխանելով` Պու Հապիպ նշեց, որ եթէ Սէուտական Արաբիա հրաւիրուի, ապա Ռուսիայէն ուղղակի հոն կը մեկնի:

Այլ հարցումի մը անդրադառնալով Պու Հապիպ ըսաւ, որ Հըզպալլայի զինեալ թեւը շրջանային խնդիր է եւ ոչ թէ զուտ լիբանանեան:

Պու Հապիպ նաեւ յայտնեց, որ Լաւրովին յանձնած է Լիբանան այցելութեան պաշտօնական հրաւէր մը:

Նախորդը

Նատեր Գասպար` Իրաւաբաններու Սենտիքայի Նախագահ

Յաջորդը

«Պէտք Է Ամրապնդենք «Ներքին Թշնամիներ Չկան, Եւ Հայրենիքը Բոլորին Է» Տարազը» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

RelatedPosts

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Քահանայապետական Լեւոնեան Հայ Վարժարան Եւ Պարգեւատրուեցաւ «Հաւատքի Խաչ»-ով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ  Լայնածաւալ Ռազմափորձեր
Լիբանանեան

Լիբանանի Հետ Սահմանին Վրայ Իսրայէլեան Բանակի Հնգօրեայ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Բանակին Աջակցելու Եւ Գործադրելու Թիւ 1701 Եւ 1559 Որոշումները

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?