Երկխօսութեան Նիստ Կրնայ Չկայանալ
Իր ուղղած երկխօսութեան կոչին շրջագիծին մէջ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց նախագահական պալատին մէջ հանդիպիլ քաղաքական պլոքներու ներկայացուցիչներուն հետ:
Նշենք սակայն, որ Պաապտայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ հանրապետութեան նախագահը այսօր պիտի յայտարարէ, թէ ինք ազգային երկխօսութեան նիստի պիտի չհրաւիրէ` նկատի ունենալով, որ մեծ թիւով քաղաքական ուժեր մերժած են իրենց մասնակցութիւնը բերել այդ նիստին:
Նախագահ Աուն ընդունեց Հզօր Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը, որուն հետ քննարկեց երկխօսութեան նիստ մը գումարելու կարելիութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Պասիլ յայտնեց, որ քաղաքական եւ ընտրական նեղ հաշիւներու պատճառով երկխօսութեան հրաւէրը մերժել կը նշանակէ հասնիլ փորձանքի մը, որուն պատասխանատուութիւնը կը ստանձնէ երկխօսութեան հրաւէրը մերժողը:
Պասիլ յայտնեց, որ երկիրը կարելի չէ ոտքի հանել, եթէ անոր քաղաքական վարչակարգը բարեկարգումի չենթարկուի:
Ան հաստատեց նաեւ, որ կարելի չէ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն անպատիժ ձգել` լիբանանեան, եւրոպական եւ միջազգային մակարդակներով, որովհետեւ ան ամբողջ ժողովուրդի մը իրաւունքները հարուածած է:
Պասիլ նկատել տուաւ, որ իրենք կառավարութեան նիստերուն արգելակումին պատասխանատու կը նկատեն շիի երկեակն ու վարչապետը, որ կառավարութիւնը ժողովի չի հրաւիրեր:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Խորհրդակցական հանդիպում պլոքը, որուն անունով խօսք առաւ երեսփոխան Ֆայսալ Քարամէ:
Ան յայտնեց, որ իրենք կը քաջալերեն երկխօսութիւնը` աւելցնելով, որ նախագահ Աունի կողմէ երկխօսութեան հրաւէրի յղման պարագային պիտի ճշդեն մասնակցելու վերաբերեալ իրենց կեցուածքը:
Նախագահ Աունի այցելեց Ղովմի կուսակցութեան պլոքը, որուն անունով կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ասաատ Հարտան յայտնեց, որ իրենք երկխօսութեան կը զօրակցին` շնորհակալութիւն յայտնելով նախագահ Աունին, որ նման հրաւէրի մը մասին մտածած է:
Միւս կողմէ, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաղորդագրութեան մը մէջ հաստատեց, որ այս փուլին հանրապետութեան նախագահին կողմէ երկխօսութեան հրաւիրելը իսկական զբաղում է, եւ հանրապետութեան նախագահը շատ սուղ արժող ժամանակը կը վատնէ: