ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 7057 վարակուածներ եւ մահացած 13 ուրիշներ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած վառելանիւթի նոր սակացոյցին համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղներուն սակը սղած է 3000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը` 14.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի սակն է` 377.800 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 390.600 լ. ոսկի, մազութը` 410.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 359.500 լ. ոսկի:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Տարուիշ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի պիտի մասնակցի երկխօսութեան նիստին` նկատի ունենալով վարչապետի իր պաշտօնը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ասաատ Տըրղամ յայտնեց, որ Հըզպալլայէն պահանջուած է կառավարութեան կապանքները քակել: Ան հաստատեց, որ իրենք չեն փափաքիր Հըզպալլայի հետ դաշինքը խզել, այլ` այդ դաշինքը օգտագործել երկրին շահերը ապահովելու համար:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Թուէյնի յայտնեց, որ այս բոլոր հարցերուն տրամաբանական բացատրութիւնը այն է, թէ Իսրայէլ եւ անոր միջոցները ճնշում կը բանեցնեն Լիբանանի վրայ` ցամքեցնելու համար ամերիկեան տոլարին աղբիւրները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Կը փափաքէի, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ուղղած երկխօսութեան նիստի հրաւէրին ընդառաջէին բոլորը` զայն նկատի ունենալով իբրեւ երկրին փրկութեան ուղին»:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Լիբանան կարիքը ունի պետական հաստատութիւնները աշխուժացնելու առումով անմիջական որոշումներու, որպէսզի կարելի ըլլայ ժողովուրդին վրայ տնտեսական տագնապին ունեցած հետեւանքները մեղմացնել եւ երկիրը առաջնորդել դէպի տնտեսական կայունութիւն ու ապաքինում»: