Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիան Ֆրանսայի Ազգային ժողովի արտաքին հարցերու յանձնախումբին նիստին ընթացքին յայտնեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ պիտի միանան այն ֆոնտին, որ Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ որոշումով պիտի հաստատուի` օժանդակելու լիբանանցիներուն:
Լը Տըրիան նշեց, որ անցեալ դեկտեմբերին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Ծոցի երկիրներ այցելութեան ընթացքին կարելի եղած է Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն միջեւ յարաբերութիւնները վերաշխուժացնել, ինչ որ իր կարգին պիտի արտօնէ ֆրանսական-սէուտական-էմիրաթական ֆոնտ մը հաստատելու` օժանդակելու համար լիբանանցիներուն: