Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան հանդիպում մը ունեցաւ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատայի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները` նկատի ունենալով բոլոր կազմակերպութիւններն ու մշակութային բոլոր ոլորտները:
Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ հայ-լիբանանեան երկկողմանի համագործակցութիւնը ամրապնդել` Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հետ առնչուած հարցերու, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ փոքրամասնութիւններու մշակութային աւանդները պահպանելու միջոցներուն շուրջ:



