Լիբանանեան

Քանաան. «Արտերկրի Մէջ Լիբանանի Երեսփոխանական  Ընտրութիւններուն Մասնակցելու  Ֆինանսաւորումը Վաւերացուցինք»

Քանաան. «Արտերկրի Մէջ Լիբանանի Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Մասնակցելու Ֆինանսաւորումը Վաւերացուցինք»

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ: Նիստին ընթացքին յանձնախումբը վաւերացուց արտերկրի մէջ Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու ֆինանսաւորումը: Քանաան յայտնեց, որ 2022-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումը այսօր պիտի սկսի յանձնախումբին կողմէ:...

Ամառնային Ժամանակացոյցի Սկիզբ

Ժամացոյցին Սլաքը Մէկ Ժամ Առաջ Տանիլ

Համաձայն նախարարաց խորհուրդի որոշումին, Լիբանան պիտի սկսի ամառնային ժամանակացոյցի գործադրութեան: Հետեւաբար շաբաթ, 26-էն կիրակի, 27 մարտ լուսցող գիշերուան ընթացքին ժամացոյցին սլաքը մէկ ժամ առաջ պէտք է տանիլ:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1126 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.750 լ. ոսկիի: ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ 3000 բժիշկներ գաղթած են Լիբանանէն` աւելցնելով, որ այս շաբթուան ընթացքին իրենք պիտի գումարեն նիստ մը` ճշդելու համար իրենց որդեգրելիք մագլցողական քայլերը: ԼԻԲԱՆԱՆԻ...

Մինչ Ուժանիւթի Նախարարը Կը Հաստատէ  Վառելանիւթի Տագնապի Չգոյութիւնը` Կառավարութիւնը  Մէկ Տարիով Կը Յետաձգէ Քաղաքապետական  Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մինչ Ուժանիւթի Նախարարը Կը Հաստատէ Վառելանիւթի Տագնապի Չգոյութիւնը` Կառավարութիւնը Մէկ Տարիով Կը Յետաձգէ Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Ի տես շաբաթ երեկոյեան սկսած պենզինի տագնապին մասին լուրերուն եւ լիբանանցի քաղաքացիներուն իրարանցումին ու վառելանիւթի կայարաններուն դիմաց վերադարձած հերթերուն, տնտեսութեան եւ ուժանիւթի հարցերու նախարարներ Ամին Սալամ եւ Ուալիտ Ֆայեատ հաստատեցին, թէ երկրին մէջ վառելանիւթի տագնապ գոյութիւն չունի: Անոնք երէկ այցելեցին վառելանիւթի կայարանները եւ ստիպեցին վառելանիւթի անոնց սեփականատէրերուն բանալ իրենց դռները ու վաճառել իրենց ունեցած վառելանիւթի քանակը: Միւս կողմէ, նկատի ունենալով...

Ուքրանիոյ Մէջ Ապրող 105 Լիբանանցիներ  Երէկ Վարշաւայէն Հասան Պէյրութ

Ուքրանիոյ Մէջ Ապրող 105 Լիբանանցիներ Երէկ Վարշաւայէն Հասան Պէյրութ

Իրենց ուսումը շարունակելու նպատակով ուքրանական համալսարաններ յաճախող հարիւրաւոր լիբանանցի ուսանողներ փախուստ կու տան Ուքրանիայէն եւ կը փափաքին վերադառնալ Լիբանան: Այս շրջագիծին մէջ, երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին Լիբանան հասաւ «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան մէկ օդանաւը, որ 105 լիբանանցիներ փոխադրեց Լիբանան: Օդանաւը, որուն մէջ կը գտնուէր նաեւ Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր, երէկ հասաւ Վարշաւա, ուր համախմբուած էին Ուքրանիայէն հասած...

Երկու Հայրենիք, Երկու Ինքնութիւն` Նոյն Ճակատագի՞րը

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Միջեւ Դիւանագիտական Յարաբերութիւններու Հաստատման 30-ամեակին Առիթով. Ուղերձներու Փոխանակում Հայաստանի Եւ Լիբանանի Միջեւ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ 4 մարտին ուղերձներ փոխանակած են երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին առիթով: Արարատ Միրզոյեան իր ուղերձին մէջ  նշած է, որ 30 տարի առաջ հաստատելով դիւանագիտական յարաբերութիւններ` Հայաստան եւ Լիբանան ամրագրեցին երկու ժողովուրդներու բազմադարեան բարեկամութիւնը պետական համագործակցութեան սկիզբով: Ան ընդգծած է...

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ  Կառավարութեան Նիստին

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան գումարելիք նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 26 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը: Կը նախատեսուի, որ վաւերացուի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները յետաձգելու օրինագիծը, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ներկայացնէ ընտրական մեկասենթըրներու ստեղծման մասին նախարարութեան պատրաստած ուսումնասիրութիւնը: Նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի...

Միքաթի Սալամի Հետ Քննարկեց  Ցորեն Ներածելու Կարելիութիւնները

Միքաթի Սալամի Հետ Քննարկեց Ցորեն Ներածելու Կարելիութիւնները

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկեց դիւանագիտական, ընկերային եւ ելեւմտական շարք մը հարցեր: Այս հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Միքաթի ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց մեծ թիւով հարցեր, որոնց շարքին` սննդեղէնի ապահովութեան հարցը: Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ ցորենի ներածման կարելիութիւնները քննարկած է վարչապետին հետ` աւելցնելով, որ Լիբանանի ունեցած...

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց  Երկրին Քաղաքական Եւ Ապահովական Կացութիւնը  Ընտրութիւնները Կատարելու Յարմար Դարձնելու

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Երկրին Քաղաքական Եւ Ապահովական Կացութիւնը Ընտրութիւնները Կատարելու Յարմար Դարձնելու

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: Նիստէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ խորհուրդը անհրաժեշտ նկատած է, որ խորհրդարանը 2022-ի պետական ամավարկը վաւերացնէ, ինչպէս նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարուին: Խորհուրդը պահանջեց նաեւ, որ կառավարութիւնը երկրին քաղաքական եւ ապահովական կացութիւնը ընտրութիւնները կատարելու յարմար դարձնէ, ինչպէս նաեւ...

Մոհամետ Խէյր. «Ուքրանիայէն Լեհաստան  Հասած Լիբանանցիները 4 Մարտէն  Սկսեալ Պիտի Փոխադրուին Լիբանան»

Խէյր. «Ուքրանիոյ Մէջ Ապրող Լիբանանցիներէն 128-ին Պէյրութ Ժամանումը Նախատեսուած Է Այսօր»

Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր երէկ յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներէն 58-ն այսօր առաւօտեան կանուխ ժամերուն նախատեսուեր էր, որ հասնէին Պէյրութ: Խէյր նկատել տուաւ, որ անոնք Պէյրութ պիտի ուղղուին Ռումանիայէն: Ան աւելցուց, որ Ռումանիոյ մէջ լիբանանեան դեսպանատունը դիւրացուցած է վերոնշեալ 58 լիբանանցիներուն Պէյրութ մեկնումը` նկատել տալով, որ անոնք պիտի աւելնան արդէն իսկ 70 այլ լիբանանցիներու, որոնք նոյն...

Լսատեսողական Լրատուամիջոցներու  Սենտիքայի Ընտրութիւն` 16 Մարտին

Լսատեսողական Լրատուամիջոցներու Սենտիքայի Ընտրութիւն` 16 Մարտին

Լսատեսողական լրատուամիջոցներու սենտիքան երէկ հաստատեց, որ սենտիքայի գործադիր խորհուրդի ընտրութիւնները պիտի կատարուին չորեքշաբթի, 16 մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն կէսօրէ ետք ժամը 2:00, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ: Սենտիքային համաձայն, օրինաթիւի չգոյութեան պարագային` ընտրութիւնները կը յետաձգուին չորեքշաբթի, 23 մարտին, նոյն վայրին մէջ եւ նոյն ժամերուն ընթացքին: Այդ պարագային ընտրութիւնները կը կատարուին ըստ ներկաներուն թիւին: Սենտիքան նկատել տուաւ նաեւ, որ փափաքողները...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1835 վարակուածներ եւ մահացած 10 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.600 լ. ոսկիի: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ժորժ Քալլասն ու զբօսաշրջութեան նախարար Ուալիտ Նասսարը, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մեկնումի պահուն Քալլաս յայտնեց, որ Պըրրի հաստատած է, որ...

Պաապտայի Մէջ.   «Լիբանան Համահունչ Կը Մնայ Ռուսիա-Ուքրանիա  Տագնապին Մասին Անցեալ  Հինգշաբթի Օրուան Իր Կեցուածքին»  Շեշտեց Պու Հապիպ

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանան Համահունչ Կը Մնայ Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապին Մասին Անցեալ Հինգշաբթի Օրուան Իր Կեցուածքին» Շեշտեց Պու Հապիպ

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը կարելի չէ վարկաբեկումի թիրախ դարձնել: Ան ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը պատասխանատուներ եւ լրագրողներ կ՛անտեսեն սահմանադրութիւնը եւ ազգային մակարդակի վրայ ցաւ պատճառող յայտարարութիւններ կը կատարեն: «Հանրապետութեան նախագահն է, որ կը կատարէ բանակցութիւնը` միջազգային համաձայնագիրներու հիման վրայ, ապա ան այդ մանրամասնութիւնները կը բաժնէ վարչապետին հետ, ապա կառավարութեան եւ...

Պըրրի Առաջադրեց Իր Թեկնածութիւնը  Եւ 2022-ի Պետական Ամավարկը  Ուղարկեց Խորհրդարան

Պըրրի Առաջադրեց Իր Թեկնածութիւնը Եւ 2022-ի Պետական Ամավարկը Ուղարկեց Խորհրդարան

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Հարաւային Լիբանանի երկրորդ ընտրաշրջանէն առաջադրեց իր թեկնածութիւնը` մասնակցելու համար 15 մայիս 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն: Պըրրի 2022-ի պետական ամավարկը ուղարկեց խորհրդարան, որպէսզի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբը սկսի անոր քննարկումին: Միւս կողմէ, Պըրրի Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի տեղակալ Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց ՄԱԿ-ի եւ խորհրդարանին...

Սէյիտ Նասրալլա Իսմայիլիի Հետ  Քննարկեց Լիբանան Այցելութեան Արդիւնքները

Սէյիտ Նասրալլա Իսմայիլիի Հետ Քննարկեց Լիբանան Այցելութեան Արդիւնքները

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Լիբանան այցելած Իրանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մեհտի Իսմայիլին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Իսմայիլի Լիբանան այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ անոր ունեցած հանդիպումները, քննարկումներն ու Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ մշակութային ու գիտական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները: Երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, սէյիտ Նասրալլա «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն...

Ուքրանիոյ Մէջ Ապրող Լիբանանցիներուն  Մէկ Մասը Հասաւ Պէյրութ

Ուքրանիոյ Մէջ Ապրող Լիբանանցիներուն Մէկ Մասը Հասաւ Պէյրութ

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութ հասաւ Ուքրանիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներուն մէկ մասը, որոնց մէջ էին 40 ուսանողներ, որոնք կու գային Պուքրէշէն: Պէյրութ հասած լիբանանցիները նախապէս Ռումանիոյ մէջ հիւրընկալուած էին լիբանանցի գործարար Մոհամետ Մըրատի պանդոկներէն մէկուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց համար ապահովուած էր տունդարձի օդանաւային տոմսը: Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանցիները դիմաւորուեցան Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյրի եւ ուսանողներուն...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1841 վարակուածներ եւ մահացած 11 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.700 լ. ոսկիի: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան յածանաւ մը խախտած է Լիբանանի ծովային սահմանը եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ 407 մեթր երկայնքի վրայ 15 վայրկեան տեւողութեամբ նաւարկած է,...

«Փտածութեան Դէմ Պայքարը  Պիտի Շարունակուի»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Փտածութեան Դէմ Պայքարը Պիտի Շարունակուի» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց  Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փոլ Ահըրն, Էրիք Մէյըր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ամերիկացի դեսպան Տորըթի Շիա: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան պիտի շարունակէ փտածութեան, դրամի լուացումի եւ ահաբեկչութեան ֆինանսաւորման դէմ պայքարիլ` աւելցնելով, որ այս իմաստով օրէնքները խիստ կերպով կը գործադրուին Լիբանանի մէջ, եւ...

Վրոնեցքա. «Լիբանանի Մասին Տեղեկագիր Մը  Պիտի Ներկայացնեմ Ապահովութեան  Խորհուրդի 17 Մարտի Նիստին»

Վրոնեցքա. «Լիբանանի Մասին Տեղեկագիր Մը Պիտի Ներկայացնեմ Ապահովութեան Խորհուրդի 17 Մարտի Նիստին»

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա վարչապետարանէն յայտարարեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է երկիրը յուզող հարցերն ու զարգացումները եւ զայն տեղեակ պահած, թէ Լիբանանի մասին տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 17 մարտի նիստին: Վրոնեցքա յայտնեց նաեւ, որ Միքաթիի հետ քննարկած է երեսփոխանական...

Պու Հապիպ Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց  Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Պու Հապիպ Ռուտաքովի Հետ Քննարկեց Երկկողմանի Յարաբերութիւնները

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովը, որ յայտնեց, թէ հանդիպումը լաւ էր ու մտերմիկ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին վերաբերող հարցեր: Պու Հապիպի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտ. քննարկուեցան լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապը: Միւս...

Page 354 of 988 1 … 353 354 355 … 988

Արխիւներ