ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1841 վարակուածներ եւ մահացած 11 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.700 լ. ոսկիի:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան յածանաւ մը խախտած է Լիբանանի ծովային սահմանը եւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ 407 մեթր երկայնքի վրայ 15 վայրկեան տեւողութեամբ նաւարկած է, ապա հեռացած: Բանակին հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ իսրայէլեան այդ ոտնձգութեան մասին ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը հետապնդում սկսած են: Լիբանանեան բանակը այլ հաղորդագրութեամբ մը տեղեկացուց, որ բանակը Հերմելի եւ Ղպէյրիի մէջ յանցագործներ ձերբակալած է:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի երէկ Թունուզի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ եգիպտացի իր պաշտօնակիցին` Մահմուտ Թաուֆիքի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Մաուլաուի շնորհակալութիւն յայտնեց Եգիպտոսին եւ անոր հանրապետութեան նախագահին` Լիբանանին նեցուկ կանգնելու առումով: Նշենք, որ Մաուլաուի Թունուզի մէջ պիտի մասնակցի արաբ ներքին գործոց նախարարներու խորհրդաժողովին:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մուսթաֆա Պայրամ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Պարրաքը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան-իրաքեան գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Հանրի Խուրի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրաքի դեսպան Հայտար Պարրաքը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանի ու Իրաքի միջեւ դատական իշխանութիւններուն մակարդակով յարաբերութիւնները աշխուժացնելու եւ ամրապնդելու հեռանկարները:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յանձնախումբը նիստի մը հրաւիրեց երեքշաբթի, 8 մարտ 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, քննարկելու համար 2022-ի պետական ամավարկն ու անոր կցուած երեսփոխանական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու հրամանագիրը:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ իրենց մղած պայքարը ազգային է` աւելցնելով, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը ընդհարում կ՛ունենայ այնպիսի ծրագիրի մը հետ, որուն նպատակը Լիբանանը քանդելն է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածուները դանդաղ կերպով յայտարարելը ընտրական մարտավարութիւն է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ շեշտեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մինչեւ յառաջիկայ շաբաթասկիզբ իր թեկնածուները պիտի յայտարարէ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ երէկ այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքովի, որուն հետ քննարկեց Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ տագնապին վերաբերող զարգացումները:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռումանիոյ դեսպան Ռատօ Մարտարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս` երեսփոխանական ընտրութիւններն ու տնտեսական տագնապին վերաբերող հարցեր: Քննարկումի առարկայ դարձան նաեւ շրջանային եւ միջազգային զարգացումները:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ թուիթըրեան գրառումով մը հարց տուաւ, թէ արդեօք ե՞րբ միջազգային ընտանիքը Իսրայէլի դէմ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրէ, այնպէս ինչպէս կը կատարէ Ռուսիոյ պարագային: «Արեւմուտքին մօտ միատեսակ չափանիշներ եւ արժէքներ չկան, որովհետեւ Արեւմուտքը կ՛առաջնորդուի ծաւալապաշտական տրամաբանութեամբ, միջազգային կազմակերպութիւնները մեծ սուտ մը կը նկատուին, իսկ Միջազգային դատական ատեանը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնէ», կը գրէ Ուալիտ Ժոմպլաթ: