Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

March 4, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պաապտայի մէջ պիտի նախագահէ կառավարութեան գումարելիք նիստին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի 26 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Կը նախատեսուի, որ վաւերացուի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները յետաձգելու օրինագիծը, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուի ներկայացնէ ընտրական մեկասենթըրներու ստեղծման մասին նախարարութեան պատրաստած ուսումնասիրութիւնը:

Նախագահ Աունի այցելեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ ռուս-ուքրանական տագնապին մանրամասնութիւններն ու այդ տագնապին մասին Լիբանանի կեցուածքը` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ընթացքին, եւ այդ կեցուածքին ունեցած հետեւանքները:

Կրիօ նախագահ Աունին ներկայացուց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տըրիանի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան իշխանին միջեւ հանդիպումին ընթացքին որոշուած լիբանանցիներուն օժանդակութեան մանրամասնութիւնները:

Կրիօ յայտնեց, որ այդ օժանդակութիւնը պիտի կատարուի նիւթական յատկացում տրամադրելով հիւանդանոցներուն, դարմանատուներուն, դպրոցներուն, ինչպէս նաեւ երեխաներուն կաթ ցրուող կազմակերպութիւններուն:

Քննարկուեցան նաեւ լիբանանեան ծովային սահմանագծումի թղթածրարին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ մայիսին տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները:

Նշենք, որ նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամին, որուն հետ քննարկեց Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ կատարուած բանակցութիւններուն վերաբերող զարգացումները:

Շամի յայտնեց, որ նախագահ Աունէն պահանջած է, որ կառավարական եւ խորհրդարանական աշխատանիստեր կատարուին` անհրաժեշտ բարեկարգումները գործադրելու նպատակով, որպէսզի կարելի ըլլայ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ համաձայնութեան մը յանգիլ:

Շամի նկատել տուաւ, որ այդ բարեկարգումներուն մէկ մասը կարիք ունի խորհրդարանին կողմէ օրէնսդրութեան մշակման` շեշտելով, որ կառավարութեան եւ խորհրդարանին միջեւ աշխատանքի օղակը անհրաժեշտ է` նախքան երեսփոխանական ընտրութիւնները համաձայնութեան մը յանգելու համար:

Նախորդը

Միքաթի Սալամի Հետ Քննարկեց Ցորեն Ներածելու Կարելիութիւնները

Յաջորդը

Ուքրանիոյ Մէջ Հայ Խաղաղ Բնակիչ Մը Զոհուած Է

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.