ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 1126 վարակուածներ եւ մահացած 9 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 20.750 լ. ոսկիի:
ԲԺԻՇԿՆԵՐՈՒ սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ 3000 բժիշկներ գաղթած են Լիբանանէն` աւելցնելով, որ այս շաբթուան ընթացքին իրենք պիտի գումարեն նիստ մը` ճշդելու համար իրենց որդեգրելիք մագլցողական քայլերը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ տնտեսական եւ ընկերային կացութեան դէմ իբրեւ բողոք երէկ կէսօրին կարգ մը երիտասարդներ երկու ուղղութեամբ փակեցին Պըտտաուիի մայրուղին:
ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ Լիբանանի ալրաղացներու սենտիքայի նախագահ Ալի Ռամմալ յայտնեց, որ երէկ ալիւր յանձնած են միայն հաց պատրաստող փուռերուն եւ ոչ թէ այն փուռերուն, որոնք անուշեղէն կամ ծոթրինահայս ու պանրածալ կը պատրաստեն:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը Պեքաայի Տալհամիէ եւ Հալլանիէ գիւղաքաղաքներուն մէջ բացայայտեց աւազակախումբ մը, որ ինքնաշարժներ գողցած էր, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով զէնք ու զինամթերք եւ կեղծուած դրամանիշներ ունէր իր մօտ: Բանակը ինքնաշարժները, զինամթերքն ու կեղծուած դրամանիշները գրաւեց, իսկ աւազակախումբի անդամները ձերբակալեց եւ զանոնք յանձնեց համապատասխան դատական ատեանին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ շեշտեց, որ վառելանիւթի փակ կայարաններուն մէջ գտած են 300 հազար լիթր պենզինի պահեստ մը` աւելցնելով սակայն, որ կայ 80 միլիոն լիթր պենզին, որ պէտք է ընկերութիւններուն կողմէ անմիջապէս կայարաններուն յանձնուի:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ ներխուժեց Ֆըրն Շըպպեքի «Ֆահըտ» հանրախանութը, որուն մառաններուն մէջ բացայայտեց մեծ քանակութեամբ բուսական ձէթ, շաքար եւ ալիւր, որոնք սակայն պահուած էին եւ հանրախանութի դարաններուն մէջ չէին, այլ խօսքով` ժողովուրդին չէին ցուցադրուած:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Մոհամետ Մուրթատա յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն քուէարկութեան ընդմէջէն մասնակցելու նպատակով կառուցուելիք մեկասենթըրները շատ կարեւոր են, սակայն աւելի կարեւորը այն է, որ մեկասենթըրներուն կառուցումը պատճառ չըլլայ երեսփոխանական ընտրութիւնները յետաձգելու:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ օտար երկիրներ կատարած իր այցելութիւններուն ընթացքին խոստումներ ստացած է, թէ Լիբանանի նկատմամբ օժանդակութիւնները պիտի շարունակուին:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան միջազգային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ` պաշտպանելու համար լիբանանցիներուն սննդեղէնի ապահովութիւնը:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ճոնի Քըրըմ յայտնեց, որ «Օժերօ»-էն ապահովուած բնակարանային համացանցի ծառայութիւնը նուազագոյնը 60 հազար լ. ոսկի պիտի արժէ, իսկ` բջիջային հեռաձայններուն համար նախապէս ապահովուող քարտերուն սակը պիտի եռապատկուի կամ քառապատկուի:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ աշխատանքը կը շարունակուի` հասնելու համար նուազագոյն աշխատավարձի յարմարագոյն տարբերակի վաւերացման:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժար հաստատեց, որ 150 հազար լիբանանցի ընտանիքներ յառաջիկայ օրերուն նպաստ պիտի ստանան «Աման» ծրագիրէն:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ ընդգծեց, որ Լիբանանի մէջ հիմնական հարցը այն է, թէ քաղաքական ուժերը իրենց տուած որոշումներուն գործադրութեան յանձնառու չեն դառնար, «իսկ համաձայնելու պարագային, չեն գործադրեր այն, որուն շուրջ համախոհութիւն գոյացուցած են», աւելցուց ան: Ռաատ շեշտեց, որ խտրութիւնը սխալ քայլ մըն է` աւելցնելով, որ անիկա պատճառ դարձած է, որ նախորդ կառավարութիւններուն քաղաքականութիւնները ձախողին եւ երկրին տնտեսութիւնը քանդուի:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ իրենց նպատակը մէկն է օժանդակել ժողովուրդին` նոյնիսկ սահմանափակ կարելիութիւններով:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ Հըզպալլա երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի` ազգային գիտակցութեան պատասխանատուութեամբ եւ ամենայն բարոյականութեամբ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա Պէյրութի Բ. ընտրաշրջանէն իր թեկնածութիւնը առաջադրեց:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Նաամէ Թոհմէ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը մնայուն վատթարացումի մէջ է: Ան նշեց սակայն, որ Սէուտական Արաբիա դարձեալ փաստած է, թէ ինք Լիբանանին նեցուկ կը կանգնի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ շեշտեց, որ ներկայ փուլը արտակարգ որոշումներ կը պահանջէ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը պէտք է արագօրէն գործադրէ տրուելիք այդ արտակարգ որոշումները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան յայտնեց, որ Լիբանանի դէմ մղուած ներկայ պատերազմը տնտեսական է` աւելցնելով, որ այդ պատերազմը կը մղուի Միացեալ Նահանգներուն կողմէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի յայտնեց, որ վառելանիւթի չարաշահումը խիստ մերժելի է` աւելցնելով, որ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ այս իմաստով պէտք է շարժի եւ քայլերու ձեռնարկէ:
ՊԷՅՐՈՒԹԻ մէջ կայացող գիրքերու միջազգային ցուցահանդէսին ընթացքին շարք մը գործիչներ մուտք գործեցին «Տար Մաուատտա» գիրքերու եւ հրատարակութիւններու իրանեան տաղաւար, ուր անոնք Իրանի դէմ կանչեր բացագանչեցին, ինչ որ պատճառ դարձաւ, որ ցուցահանդէսին ընթացքին արձանագրուին ծեծկռտուք եւ խոշտանգումներ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Իպրահիմ Ամին Սէյիտ հաստատեց, որ Իսրայէլի հետ հաշտութիւն կը նշանակէ Պաղեստինեան հարցի ջնջում:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ ներքին արշաւի մը կ՛ենթարկուի: Արշաւը կը միտի արգիլել զայն` երեսփոխանական ընտրութիւններուն թեկնածութիւն առաջադրելէ:
ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան գործավար Քաթարինա Լաքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Լաք Սալամին յանձնեց գրաւոր նամակ մը, որ պատասխան նամակ մըն էր, յղուած` Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայերի կողմէ:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ իր նախագահած կուսակցութիւնը քաղաքական կուսակցութիւն է` աւելցնելով, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը կամ ոեւէ այլ ղեկավար ձախողութեան ենթարկելը քուէարկողին վստահուած է եւ անոր պատասխանատուութիւնը կը նկատուի: Ժահժահ նշեց, որ Պասիլը պէտք է տապալել, որովհետեւ ան բոլոր լիբանանցիներուն վնաս հասցուցած է:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Աթալլա յայտնեց, որ լիբանանցիներուն եւ յատկապէս քրիստոնեաներուն իրաւունքներուն մեծագոյն վնասը հասաւ, երբ Սամիր Ժահժահ գլխաւորեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միլիսը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իր դերակատարութիւնը նսեմացնելու աշխատանքներ ի գործ կը դրուին` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը մասնակցի այդ գործողութիւններուն: «Աստուած գիտէ, թէ Հըզպալլայի եւ Պասիլի միջեւ դաշինքը ինչերու պիտի յանգի», ըսաւ ան: Ժոմպլաթ հաստատեց, որ չկայ սիւննի անձնաւորութիւն մը, որ կրնայ լեցնել նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի բացը:


