Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միքաթի Սալամի Հետ Քննարկեց Ցորեն Ներածելու Կարելիութիւնները

March 4, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ վարչապետարանին մէջ ունեցաւ շարք մը հանդիպումներ, որոնց ընթացքին քննարկեց դիւանագիտական, ընկերային եւ ելեւմտական շարք մը հարցեր:

Այս հանդիպումներուն շրջագիծին մէջ վարչապետ Միքաթի ընդունեց տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամը, որուն հետ քննարկեց մեծ թիւով հարցեր, որոնց շարքին` սննդեղէնի ապահովութեան հարցը:

Հանդիպումէն ետք Սալամ յայտնեց, որ ցորենի ներածման կարելիութիւնները քննարկած է վարչապետին հետ` աւելցնելով, որ Լիբանանի ունեցած ցորենի պաշարը մէկուկէս ամսուան համար բաւարարող քանակ մը կը նկատուի` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի տարբեր երկիրներէ, նոյնիսկ Միացեալ Նահանգներէն ցորեն ներածելու գծով:

Սալամ յայտնեց, որ Լիբանան կ՛ուղղուի դէպի ռամատանի ամիս, որուն ընթացքին աւելի մեծ քանակութեամբ սննդեղէնի կարիք կը զգացուի: Ան շեշտեց, որ այս իմաստով նախարարութիւնը բոլոր հանրախանութներուն, փուռերուն, ալրաղացներուն եւ կաթնեղէնի վաճառականներուն հետ կապ հաստատած է եւ երաշխաւորած, որ շուկային մէջ սննդեղէնի ոչ մէկ տեսակի տագնապ յառաջանայ:

Սալամ մաղթեց, որ քաղաքացիներուն մօտ խուճապ չստեղծուի` աւելցնելով, որ չարաշահումները աններելի են եւ սղաճը անընդունելի:

«Այսօրուան հանդիպումը դրական էր եւ արդիւնաւէտ, իսկ յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին մեզի համար պատկերը կը յստականայ, թէ ո՛ր երկիրներէն ցորեն պիտի ներածենք», ըսաւ Սալամ:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ ելեւմուտքի նախարար Եուսեֆ Խալիլ եւ արտաքին գործոց ու արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ:

 

Նախորդը

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը Կոչ Ուղղեց Երկրին Քաղաքական Եւ Ապահովական Կացութիւնը Ընտրութիւնները Կատարելու Յարմար Դարձնելու

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Պիտի Նախագահէ Կառավարութեան Նիստին

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.