Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Վրոնեցքա վարչապետարանէն յայտարարեց, որ Միքաթիի հետ քննարկած է երկիրը յուզող հարցերն ու զարգացումները եւ զայն տեղեակ պահած, թէ Լիբանանի մասին տեղեկագիր մը պիտի ներկայացնէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի 17 մարտի նիստին:
Վրոնեցքա յայտնեց նաեւ, որ Միքաթիի հետ քննարկած է երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ ընթացող բանակցութիւններն ու լիբանանեան երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստուելու կարելիութիւնները:
Ան Միքաթիի հետ հանդիպումը արդիւնաւէտ նկատեց:
Վրոնեցքա նկատել տուաւ, որ ինք տարեկան երեք տեղեկագիր կը ներկայացնէ Ապահովութեան խորհուրդին` աւելցնելով, որ այս անգամուանը երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախօրեակին կը զուգադիպի, «հետեւաբար միջազգային ընտանիքին կեդրոնացումը երեսփոխանական ընտրութիւններուն վրայ պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ անիկա Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան պիտի անդրադառնայ», հաստատեց ան:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան այն որոշումներն ու դասաւորումները, որոնք որդեգրուեցան, ինչպէս նաեւ այն օրէնքները, որոնք վաւերացուեցան` ելեւմտական ու տնտեսական ապաքինման առումով:
Միքաթիի այցելեց նաեւ բրիտանական պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ Միջին Արեւելքի խորհրդական գնդապետ-զօրավար Մարթին Սիմփսընը, այլ զինուորականներ եւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Իան Քոլարտը:
Վարչապետարանի այցելուներէն եղաւ նաեւ Արաբական խորհրդարաններու համադաշնակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շաուապքէ` ընկերակցութեամբ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէի:


