Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաապտայի Մէջ. «Լիբանան Համահունչ Կը Մնայ Ռուսիա-Ուքրանիա Տագնապին Մասին Անցեալ Հինգշաբթի Օրուան Իր Կեցուածքին» Շեշտեց Պու Հապիպ

March 3, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն թուիթըրեան գրառումի մը ընդմէջէն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը կարելի չէ վարկաբեկումի թիրախ դարձնել: Ան ցաւ յայտնեց, որ կարգ մը պատասխանատուներ եւ լրագրողներ կ՛անտեսեն սահմանադրութիւնը եւ ազգային մակարդակի վրայ ցաւ պատճառող յայտարարութիւններ կը կատարեն:

«Հանրապետութեան նախագահն է, որ կը կատարէ բանակցութիւնը` միջազգային համաձայնագիրներու հիման վրայ, ապա ան այդ մանրամասնութիւնները կը բաժնէ վարչապետին հետ, ապա կառավարութեան եւ վերջապէս խորհրդարանին հետ, սահմանադրութեան թիւ 52 յօդուածին լոյսին տակ», կը գրէ նախագահ Աուն:

Նախագահ Աուն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւններն ու միջազգային զարգացումները, ինչպէս նաեւ ծովային սահմանագծումի թղթածրարը:

Երեկոյեան նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի քաղաքական հարցերու խորհրդական Վիքթորիա Նուլընտէն, որուն հետ նաեւ քննարկեց Լիբանանի ծովային սահմանագծումի թղթածրարը, Սուրիոյ վրայով Եգիպտոսէն ու Յորդանանէն կազ եւ ելեկտրականութիւն ապահովելու հեռանկարները, երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները, ինչպէս նաեւ ռուս-ուքրանական տագնապին զարգացումները:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Ապա իշխանութեան պետերուն հանդիպումին միացաւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ:

Հանդիպումէն ետք Պու Հապիպ Պաապտայէն յայտարարեց, որ Լիբանան ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն կը պահանջէ աշխատիլ` ամրապնդելու ռուս-ուքրանական տագնապը խաղաղ բանակցութիւններու միջոցով լուծելու առիթները:

Պու Հապիպ հաստատեց, որ Լիբանան համահունչ կը մնայ Ռուսիա-Ուքրանիա տագնապին մասին անցեալ հինգշաբթի օրուան իր կեցուածքին:

Շարք Մը Դիւանագէտներ Շնորհակալութիւն Կը Յայտնեն` Ռուս–Ուքրանական Տագնապին Նկատմամբ Լիբանանի Որդեգրած Կեցուածքին Համար

Նշենք, որ Պու Հապիպ երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց շարք մը դիւանագէտներ, որոնց կարգին` Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Մերիթ Ճուլ, Նետերլանտներու դեսպան Հանզ Փիթըր Ֆատրուտ, Լեհաստանի դեսպան Պրեզմի Սլաւ Նիսոլովսքի, Չեխիոյ դեսպան Տակմար, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ դեսպանատան գործավար Քաթրինա Լաք: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին ռուս-ուքրանական տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած կեցուածքին համար:

Պու Հապիպ ընդունեց նաեւ Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութեան մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին Փոլ Ահըրն, Էրիք Մէյըր եւ քաղաքական խորհրդատու Քեթլին Պոզիս:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան պատուիրակութեան ունեցած հանդիպումները` ելեւմտական եւ դրամատնային մարզերու ներկայացուցիչներուն հետ:

Պու Հապիպի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական

ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա, որ յայտնեց, թէ ինք պիտի մեկնի Նիւ Եորք` մարտի կիսուն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին գումարելիք նիստին ներկայացնելու համար Լիբանանի մասին իր տեղեկագիրը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երեսփոխանական ընտրութիւնները, յատկապէս այն ջանքերը, որոնք ի գործ կը դրուին արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ` դիւրացնելու համար արտերկրի լիբանանցիներուն քուէարկութեան հոլովոյթը:

Նախորդը

Պըրրի Առաջադրեց Իր Թեկնածութիւնը Եւ 2022-ի Պետական Ամավարկը Ուղարկեց Խորհրդարան

Յաջորդը

«Արեան Գնով Ձեռք Բերուած Մեր Յաղթանակը Ոչնչացնելու Այս Ընթացքը Պէտք Է Կասեցուի» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.