Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Մէջ Ապրող Լիբանանցիներուն Մէկ Մասը Հասաւ Պէյրութ

March 3, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Պէյրութ հասաւ Ուքրանիոյ մէջ ապրող լիբանանցիներուն մէկ մասը, որոնց մէջ էին 40 ուսանողներ, որոնք կու գային Պուքրէշէն:

Պէյրութ հասած լիբանանցիները նախապէս Ռումանիոյ մէջ հիւրընկալուած էին լիբանանցի գործարար Մոհամետ Մըրատի պանդոկներէն մէկուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոնց համար ապահովուած էր տունդարձի օդանաւային տոմսը:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանցիները դիմաւորուեցան Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյրի եւ ուսանողներուն ծնողներուն կողմէ: Անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին Մոհամետ Մըրատին` անոր ազնիւ վերաբերումին համար, ինչպէս նաեւ լիբանանեան պետութենէն պահանջեցին շարունակել լիբանանցի ուսանողներու թղթածրարին հետապնդումը եւ աշխատիլ, որ զանոնք փրկեն` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին:

Այս առիթով Խէյր յայտնեց, որ Ուքրանիոյ մէջ տիրող տագնապալի կացութեան պատճառով լիբանանցի ուսանողներուն փրկութիւնը դժուար է` աւելցնելով սակայն, որ ուսանողները միասնական էին:

Ան շեշտեց, որ լիբանանցիները Ուքրանիայէն հեռացնելու աշխատանքները կը շարունակուին Ուքրանիոյ մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Տահերի հետ գործակցաբար:

Խէյր յայտնեց, որ Ուքրանիայէն դուրս գալու համար լիբանանեան դեսպանատան մօտ արձանագրուած են 960 լիբանանցիներ, որոնցմէ 450-ը արձանագրուած է մեկնելու համար Լեհաստան: «450-էն 250-ը արդէն իսկ կը գտնուին Լեհաստանի սահմաններուն վրայ եւ պիտի ուղղուին Վարշաւա, իսկ ոմանք նախընտրած են ուղղուիլ Եւրոպա», ըսաւ ան:

Խէյր յայտնեց, որ 48 ժամ ետք պիտի հասնի նոր օդանաւ մը, որ լիբանանցիները Վարշաւայէն պիտի փոխադրէ Լիբանան:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Սէյիտ Նասրալլա Իսմայիլիի Հետ Քննարկեց Լիբանան Այցելութեան Արդիւնքները

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.