Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ընդունեց Լիբանան այցելած Իրանի մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մեհտի Իսմայիլին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Իսմայիլի Լիբանան այցելութեան արդիւնքները, ինչպէս նաեւ անոր ունեցած հանդիպումները, քննարկումներն ու Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ մշակութային ու գիտական գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:
Երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, սէյիտ Նասրալլա «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն սփռուած ճառի մը ընթացքին հաստատեց, որ ոչինչ կրնայ ջնջել երեսփոխանական ընտրութիւնները` աւելցնելով, որ երկիրը բնական ընթացքով կ՛ուղղուի դէպի երեսփոխանական ընտրութիւններ:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Հըզպալլա կազմած է իր ընտրամեքենաները եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի «Պիտի շարունակենք մնալ, պաշտպանել եւ կառուցել» կարգախօսով:
Ան նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա ընտրամեքենաներ պիտի ունենայ այն շրջաններուն մէջ, ուր կան եւ չկան Հըզպալլայի թեկնածուներ:
Սէյիտ Նասրալլա յայտարարեց 2022-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն Հըզպալլայի թեկնածուներուն անունները.
Մոհամետ Ռաատ` Նապաթիէ, Հասան Ֆատլալլա` Պընթ Ժպէյլ, Ալի Ֆայեատ` Հասպայա, Հասան Իզէտտին եւ Հասան Ժաշի` Սուր, Ամին Շըրրի` Պէյրութի Բ. ընտրաշրջան, Ռամի Ապու Համտան` Պեքաայի Ա. ընտրաշրջան, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Ալի Մըքտատ, Իպրահիմ Մուսաուի եւ Իհապ Համատէ` Պեքաայի Գ. ընտրաշրջան, Ալի Ամմար` Լեռնալիբանանի Գ. ընտրաշրջան-Պաապտա եւ Ռաէտ Պըրրօ` Լեռնալիբանանի Ա. ընտրաշրջան-Ժիպէյլ-Քեսրուան: