Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իշխանութեան Պետերը Կոչ Ուղղեցին Միացեալ Նահանգներուն Շարունակելու Իրենց Միջնորդութիւնը` Ծովային Սահմանագծումին Հարցով

March 19, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին Պաապտայի մէջ ընդունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որոնց հետ քննարկեց ծովային սահմանագծումի թղթածրարին հարցով ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայնի ներկայացուցած առաջարկը:

Հանդիպումին ընթացքին իշխանութեան պետերը կոչ ուղղեցին Միացեալ Նահանգներուն շարունակելու իրենց միջնորդութիւնը` ծովային սահմանագծումին իմաստով Իսրայէլի հետ ընթացող անուղղակի բանակցութիւններուն մէջ:

Իշխանութեան պետերը ամերիկացի միջնորդին կոչ ուղղեցին գործելու Լիբանանի գերագոյն շահերն ու շրջանին կայունութիւնը պահպանելու շրջագիծին մէջ:

Անոնք հաստատեցին, որ այս թղթածրարը ազգային թղթածրար է եւ պէտք է զայն հեռու պահել տարակարծութիւններէ եւ յաւելաբանութիւններէ:

Երկուքուկէս ժամուան հանդիպումէն ետք նախագահական պալատի տնօրէն Անթուան Շքէյր յայտնեց, որ հանդիպումին ընթացքին ներկաները քննարկեցին Հոքշթայնի առաջարկը, ինչպէս նաեւ այդ առաջարկին մեկնաբանութիւններն ու անոր վերաբերող դիտողութիւնները` միացեալ կեցուածքի մը յանգելու նպատակով:

Հանդիպումի աւարտին Միքաթի պատասխանեց լրագրողներուն հարցումներուն` հաստատելով, որ նախագահ Աունի եւ Պըրրիի հետ քննարկած են դատական իշխանութիւններու եւ դրամատուներու մակարդակին արձանագրուած զարգացումները, «որոնց լոյսին տակ եւ նախագահ Աունի հաւանութեամբ որոշեցի կառավարութիւնը այսօր հրաւիրել նիստի, որ պիտի գումարուի վարչապետարանին մէջ, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Նիստին ընթացքին պիտի քննարկուի միայն դատական իշխանութիւններուն եւ դրամատուներուն հարցը», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուին` ընկերակցութեամբ Երեսփոխանական ընտրութիւններուն հսկող խորհուրդին:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան դէմ մղուող արշաւը, որ յատկապէս սաստկացած է անցնող օրերուն, եւ այն տարաձայնութիւնները, թէ նախագահութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է դատական իշխանութիւններուն կողմէ դրամատուներուն դէմ որդեգրուած որոշումներուն, անհիմն են եւ անճիշդ:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահութեան եւ կարգ մը դրամատուներու պատասխանատուներուն միջեւ արձանագրուած բախումներուն մասին գրուած յօդուածները հեքիաթներ են եւ կը միտին այս զուտ դատական բնոյթի թղթածրարը քաղաքականացնել, երեւակայական պայքարներ ստեղծել եւ ի վերջոյ զայն 15 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն կապել:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահութիւնը օր մը օրանց դատական իշխանութիւններու աշխատանքներուն միջամուխ չէ դարձած, այլ` յարգած անոր աշխատանքի անկախութիւնը:

  • ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԵՐՈՒ միութիւնը երկուշաբթի, 21 եւ երեքշաբթի, 22 մարտին փակ պիտի պահէ դրամատուներուն դռները: Դրամատուներու միութիւնը կը հաստատէ, որ այս գործադուլը ուղղուած է դրամատուներուն դէմ 14 մարտէն ի վեր դատական իշխանութիւններուն արձակած որոշումներուն դէմ:
  • «ՄՔԱԹԹԱՖ» լումայափոխութեան ընկերութեան սեփականատէր Միշել Մքաթթաֆ մահացաւ սրտի կաթուածի պատճառով:
Նախորդը

Միքաթի. «Ոստիկանական Միջոցներու Օգտագործումը Վնաս Կը Հասցնէ Թէ՛ Դատական Իշխանութեան Եւ Թէ՛ Դրամատնային Համակարգին»

Յաջորդը

«Հայերու Համարկումը Պաքուի Հիմնական Առաջնահերթութիւններէն Է» Կ՛ըսէ Պայրամով

RelatedPosts

Ակնարկ.  Թեհրանի Ընտրած Պահը`  Շեշտակի Զգուշացնելու
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Թեհրանի Ընտրած Պահը` Շեշտակի Զգուշացնելու

November 7, 2026
Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը
Գլխաւոր լուրեր

Վելայաթի Կը Զգուշացնէ Հայաստանը

November 7, 2026
Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն  Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս  Անոր Ստիպուիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Նախընտրեմ Իրանէն Մնացածը Չքանդել, Սակայն Թերեւս Անոր Ստիպուիմ»

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.