Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 361 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 22.900 լ. ոսկիի:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին «Իմամ Մեհտի» սկաուտական շարժումին հետ ունեցած իր տարեկան հանդիպումին ընթացքին հերքեց այն լուրերը, թէ Հըզպալլայի մարտիկներ ուղղուած են Ուքրանիա` Ռուսիոյ բանակին կողքին կռուելու: Ան ընդգծեց, որ այս մասին լուրերը զրպարտութիւններ են եւ սուտեր:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Պեքաայի Նապի Շիթ գիւղաքաղաքին մէջ ձերբակալեց թմրեցուցիչի մաքսանենգութեամբ զբաղող «անուանի» առեւտրական մը, որ ուղղակիօրէն կապ ունի Լիբանանէն դուրս թմրեցուցիչ արտածելու գործողութիւններուն հետ:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ ուղղուեցաւ Տոհա, ուր պիտի մասնակցի արաբական երկիրներու ուժանիւթի նախարարներու 14-րդ խորհրդաժողովին, որ պիտի գումարուի 20-22 մարտին: Ֆայեատի կ՛ընկերակցի նաեւ Լիբանանի Ելեկտրականութեան ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Քամալ Հայէք:

ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան յայտնեց, որ իրենք կրնան լիբանանեան, սուրիական եւ արաբական շուկայ բանալ` դիմագրաւելու համար բոլոր տագնապները: Ան շեշտեց, որ ցորենի տագնապին մասին ոչ մէկ մտավախութիւն պէտք է ունենալ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ Ամալ շարժումը կ՛որդեգրէ ընկերային արդարութիւն եւ հաւասարակշռուած բարգաւաճում ապահովող արդիւնաբեր տնտեսութեան տարբերակը: Միւս կողմէ, ան նշեց, որ Դիմադրութիւնը միակ ընտրանքն է պաշտպանելու երկրին սահմանները եւ հակակշռելու թշնամի Իսրայէլի յարձակողական ախորժակները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Հասան Իզզէտտին յայտնեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն` հասնելու համար խորհրդարանին մէջ կշիռ ներկայացնող մեծամասնութեան մը, որպէսզի կարենան հանրապետութեան հզօր նախագահ մը ընտրել, ինչպէս նաեւ կազմել կառավարութիւն մը, որ Լիբանանը քայքայումի իր վիճակէն դուրս կը բերէ եւ պետութեան կերտման իսկական փուլի մը կը սկսի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ ներկայիս Լիբանան իր հիմնադրութենէն ետք կը դիմագրաւէ իր ամէնէն վտանգաւոր տագնապները: «Դէմ յանդիման կը գտնուինք ամէնէն տգեղ դաւադրութիւններուն եւ իմամ Մուսա Սատըրի դպրոցին հետեւելով պիտի կարենանք պարտութեան մատնել Դիմադրութեան միջավայրին դէմ նիւթուող բոլոր դաւադրութիւնները», ըսաւ ան:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի նախագահ, երեսփոխան Թայմուր Ժոմպլաթ իր մեծ հօր` Քամալ Ժոմպլաթի մահուան 45-ամեակին առիթով հաստատեց, որ իրենք պիտի պայքարին անոնց դէմ, որոնք Լիբանանը դժոխք դարձնելու «աւետումներ» կը կատարեն: Ան հաստատեց, որ ելեկտրականութեան կուսակցութիւնը մութի ենթարկած է Լիբանանը` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն սննդեղէնի անվտանգութիւնը սպառնալիքի տակ կը գտնուի:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հաստատեց, որ քաղաքական համակարգը դարձեալ կը փութայ պաշտպանելու ելեւմտական համակարգը` այս անգամ օգտագործելով կառավարութիւնը, որպէսզի սանձէ դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնը կառավարութիւնը պատասխանատու նկատեց երկրին մէջ արձանագրուած ելեւմտական քաոսին: Կուսակցութիւնը մերժեց դատական իշխանութիւններուն վրայ ճնշում բանեցնել եւ արգիլել, որ ան ելեւմտական եւ դրամատնային թղթածրարներն ու անոնց հետաքննութիւնը շարունակէ հետապնդել: Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր յանձնառութիւնը յայտնեց դրամատնային մարզին բարօրութեան ու անոր բարեկարգումին, որպէսզի անոր նկատմամբ լիբանանցիներուն եւ աշխարհին վստահութիւնը վերականգնի:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ դրամատուներուն հարցով պատահածը քաոս մըն է, «եւ մտահոգ ենք, որ անոր նպատակը պիտի ըլլայ փակել դրամատուները, ինչ որ պիտի արգիլէ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին կատարել», ըսաւ ան:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ անցեալ շաբաթավերջին հարաւային Լիբանանի մէջ մեկնարկը յայտարարեց Հըզպալլայի ընտրական մեքենայի աշխատանքին: Քասեմ կոչ ուղղեց կառչած մնալու երկրին սահմանադրութեան եւ օրէնքներուն: Ան հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը փափաքին Լիբանանի ինքնութիւնը գողնալ` աւելցնելով սակայն, որ անոնք պիտի չյաջողին ատիկա կատարել` դիմադրող գերիշխանական ուղեգիծին պատճառով:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ կեդրոնական խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ Լիբանանի մէջ իրենց հետեւորդները կը մղեն պայքարելու Հըզպալլայի դէմ` երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին զայն տկարացնելու եւ խայտառակելու նպատակով: Ան շեշտեց, որ Ուաշինկթընի ենթակայ տարրերուն դէմ մարտահրաւէրը բաց է եւ անիկա շատ սուր պիտի ըլլայ Պեքաայի մէջ: «Դուք պէտք է իմանաք, որ Միացեալ Նահանգներու համար որոշ ժամանակաշրջանի համար գործող տարրեր էք եւ Ուաշինկթըն ձեզի կրնայ որեւէ ատեն լքել, ինչպէս որ ըրած է ուրիշներու պարագային», ըսաւ ան:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Անպա» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի այս ամսուան աւարտին պիտի այցելէ Քաթար` քննարկելու համար Լիբանանի օժանդակութեան կարելիութիւնները: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի օժանդակութեան ֆրանսացի նախագահական յատուկ պատուիրակ Փիեռ Տիւքան այս շաբթուան ընթացքին պիտի այցելէ Պէյրութ:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու բանբերը յայտնեց, թէ այդ ուժերը Լիբանանի սահմանէն «իրանեան առանցքին հովանաւորութեամբ» զէնքերու եւ թմրեցուցիչի մաքսանենգման գործողութիւն մը ձախողութեան մատնած են եւ ձերբակալած 2 իսրայէլացիներ, որոնք Հըզպալլայի հովանաւորութեամբ խափանարարական արարքներ գործող ենթակառոյցի անդամ են:

Նախորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Լիբանանի Մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչին Յղեց Նամակ Մը

Յաջորդը

Զըհըննի` Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Ընկերակցութեան Նոր Նախագահ

RelatedPosts

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»
Լիբանանեան

Ռիաշի. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Ուղղակի Բանակցութիւնները Կ՛ընթանան Պըրրիի Հովանաւորութեամբ Եւ Սալամի Համաձայնութեամբ»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Ժապեր. «Կեդրոնական Դրամատան Նոր Կառավարիչը  Մարտի Աւարտէն Առաջ Պիտի Նշանակուի»
Լիբանանեան

Ժապեր. «Պատերազմին Գինը Անցաւ 11 Միլիառ Տոլարը»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Հնդկաստանի Դեսպանը

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?