Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Հռոմ

March 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին մեկնեցաւ Հռոմ:

Ան այսօր կէսօրէ առաջ հանդիպում մը պիտի ունենայ Ֆրանչիսկոս պապին հետ, Վատիկանի մէջ:

Նախագահ Աուն հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ պապական ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Փեթրօ Փարոլինի եւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար գերապայծառ Փոլ Կալակերի հետ:

Նախագահ Աունի կ՛ընկերակցին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպ եւ Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազեն:

Կը նախատեսուի, որ երեքշաբթի օր նախագահ Աուն հանդիպում մը ունենայ Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Սերժիօ Մաթարելլայի հետ: Պիտի քննարկուին լիբանանեան-իտալական յարաբերութիւնները եւ զանոնք բարելաւելու հեռանկարները:

Նշենք, որ նախքան իր մեկնումը, նախագահ Աուն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Գահիրէ գտնուող մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ եւ քննարկեց Վատիկանի մէջ իր ունենալիք հանդիպումներուն վերաբերող հարցեր:

Ռայի պատրիարքը յաջողութիւն մաղթեց նախագահ Աունին:

Նախագահ Աուն շաբաթ յետմիջօրէին Պաապտայի մէջ ընդունեց արդարութեան նախարար Հանրի Խուրին, որմէ իմացաւ կառավարութեան առաւօտեան նիստին ընթացքին կատարուած քննարկումները, որոնք կը վերաբերէին դատական իշխանութիւններուն:

Նախագահ Աուն ողջունեց կառավարութեան կեցուածքը, որ կը վերաբերէր դատական իշխանութեան անկախութեան, դատական իշխանութիւններու աշխատանքներուն միջամուխ չըլլալու, անոնց իշխանութիւններուն անկախ գործունէութիւնը յարգելու, ինչպէս նաեւ առանց խտրութեան օրէնքը գործադրելու:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ տնտեսական ապաքինման ծրագիրին գործադրութիւնն ու անոր վերաբերող օրէնքներուն յաջողութիւնը պէտք է արագացնել, խորհրդարանը պէտք է վաւերացնէ քեփիթըլ քոնթրոլի օրէնքը, եւ պէտք է անմիջապէս գործադրել իրաւական հաշուեքննութիւնը:

Նշենք, որ Ֆրանսախօսութեան միջազգային օրուան առիթով նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ ֆրանսերէն լեզուին եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան արժէքներուն, ինչպէս` մարդկային իրաւունքներուն, մշակութային եւ լեզուական բազմազանութեան, արտայայտուելու ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան զօրավիգ կանգնելու նկատմամբ յարգանքին:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այդ արժէքները ներկայիս հարուածներ կը ստանան աշխարհի տարբեր շրջաններուն մէջ, իսկ Լիբանան կառչած կը մնայ անոնց եւ կը փափաքի վերադառնալ այդ արժէքներուն, որովհետեւ անոնք երկխօսութեան միակ միջոցը կը նկատուին, ինչպէս նաեւ կ՛երաշխաւորեն խաղաղութիւնն ու մարդկութիւնը կ՛առաջնորդեն դէպի աւելի լաւ աշխարհ մը:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն Լիբանանին ժամկէտ ճշդած է մինչեւ մարտի աւարտը` յստակ պատասխան մը տալու իր ներկայացուցած առաջարկին, նկատի ունենալով, որ իշխանութեան երեք պետերու հանդիպումին ընթացքին կեցուածքներու յստակ տարբերութիւն արձանագրուած է:

Նախորդը

Գահիրէի Մէջ. «Լիբանան Եւ Եգիպտոս Պէտք Է Շարունակեն Արեւելքին Եւ Արեւմուտքին Միջեւ Կամուրջ Ըլլալ Եւ Խաղաղութիւնն Ու Կայունութիւնը Ամրապնդել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Այցելեց Պըրրիի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.