Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պիտի Արտօնուի՞ Իսրայէլին` Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Նաւթահորերը Պեղել» Հարց Տուաւ Պասսամ Եասին

Մարտ 18, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի ծովային սահմանագծումին շուրջ բանակցող զինուորական թեքնիք պատուիրակութեան նախագահ գնդապետ-զօրավար Պասսամ Եասին երէկ յայտնեց, որ մինչ սահմանագծումի անուղղակի բանակցութիւններու ամերիկացի միջնորդ Ամոս Հոքշթայն կը ներկայացնէ առաջարկ մը, որ լիբանանցիներուն ուշադրութիւնը կը շեղէ «Քարիշ»-ի նաւթային հանքատարածքէն, 11 մարտ 2022-ին այդ շրջանը հասած է «Սթենա Այսմեքս» նաւթահորերու ու կազի հանքերու պեղման յատուկ նաւը, որ «Հալիպըրթըն» ընկերութեան կը պատկանի եւ աշխատանքային պայմանագիր մը ստորագրած է յունական «Էներճին» ընկերութեան հետ:

Եասին հաստատեց, որ այս նաւը պիտի սկսի պեղել Քարիշի հանքային տարածքին մէջ առաջին հորը` նկատի ունենալով, որ երկու ընկերութիւններուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է 3-5 հորերու մէջ պեղումներ կատարելու` բացայայտելու համար նաւթի եւ բնական կազի գոյութիւնը` բնական հարստութեամբ օժտուած հարաւային շրջանին մէջ:

Եասին հաստատեց, որ Լիբանանի կառավարութեան ցուցմունքներուն համաձայն, 28 յունուար 2022-ին Լիբանան պաշտօնական նամակի մը մէջ նշած է, թէ կարելի չէ ենթադրել, թէ լիբանանեան ջուրերուն մէջ զուտ իսրայէլեան տնտեսական տարածք գոյութիւն ունի, այնպէս ինչպէս Իսրայէլ կը յայտարարէ «Քարիշ»-ի նաւթային հանքատարածքին մասին:

Լիբանանեան պաշտօնական նամակը կը հաստատէ, որ այդ հանքատարածքին պատկանելիութեան շուրջ հարց գոյութիւն ունի:

Եասին նկատել տուաւ, որ նոյն բովանդակութեամբ նամակ մը Լիբանանի կողմէ ՄԱԿ-ին յղուած է 18 սեպտեմբեր 2021-ին:

«Պիտի արտօնուի՞ Իսրայէլին` լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող նաւթահորերը պեղել` մարտահրաւէր կարդալով լիբանանեան պաշտօնական կեցուածքին: Պիտի արտօնե՞նք թշնամիին մեր հարեւանութեամբ պեղումներ կատարել, մինչ ժամանակ կը կորսնցնենք Հոքշթայնին առաջարկը մերժելու յարմար բառերը գտնելով, որովհետեւ եթէ Հոքշթայն թիւ 29 սահմանի վերադարձ չնշէ, ապա անոր առաջարկը ապարդիւն է:

Երէկ երեկոյեան հաղորդուեցաւ, որ Լիբանանի իշխանութեան երեք պետերը այսօր Պաապտայի մէջ հանդիպում մը պիտի ունենան, որպէսզի վերջնականացնեն Հոքշթայնի առաջարկին տրուելիք պատասխանը:

ՆՇԵՆՔ, որ իսրայէլեան «Մաարիվ» օրաթերթը կը յայտնէ, թէ «Իսրայէլեան հողի ֆոնտ»-ը կը փափաքի Յունաստանի մէջ կղզիներ գնել, որպէսզի իսրայէլացիները հոն փոխադրէ` Լիբանանի հետ քանդիչ ու աղէտալի պատերազմի մը պարագային:

 

 

Նախորդը

Դատախազ Ղատա Աունի Որոշումով Ռիատ Սալամէի Եղբայրը Կը Ձերբակալուի…

Յաջորդը

Նախագահ Աուն. «Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւնները Կը Սպառնան Հարաւային Լիբանանի Կայունութեան»

RelatedPosts

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար
Լիբանանեան

բագրատունի վերընտրուեցաւ խորհրդարանի դիւանի անդամ, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական գաղթականներու հարցերու յանձնախումբի նախագահ եւ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?