ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 497 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 23.400 լ. ոսկիի:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն, հարցաքննելէ եւ ձերբակալելէ ետք Ռաժա Սալամէն, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն հրաւիրեց հարցաքննութեան` երկուշաբթի, 21 մարտ 2022-ին:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն պենզինի, մազութի եւ պիւթակազի սակերը նուազած են: 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 3000 լ. ոսկիով, պիւթակազը` 3000 լ. ոսկիով, իսկ մազութի թիթեղին սակը սղած է 2000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 427.000 լ. ոսկի է, 95 օքթան պենզինը` 417.000 լ. ոսկի, մազութը` 425.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազը` 289.000 լ. ոսկի:
ԵՐԿՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ նախարար Ապպաս Հաժ Հասան աշխատանքային այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Սուրիա, ուր յայտարարեց, թէ կ՛աշխատի ծրագիրի մը վրայ, որ Ռամատանի ընթացքին լիբանանցի քաղաքացիներուն հանգստութիւն կ՛ապահովէ: Հաժ Հասան շեշտեց, որ կը ձգտի լիբանանցիներուն սննդեղէնի ապահովութեան ճարտարարուեստ ստեղծել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ ունին տեղեկութիւններ, թէ Հըզպալլայի անդամ բարձրաստիճան պատասխանատուներ փախուստ տուած են դէպի Իսրայէլ: Ան աւելցուց, որ Հըզպալլայի շարքերուն մէջ իսրայէլեան գործակալները բազմաթիւ են` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի ղեկավարները զբաղած են հարստութիւն դիզելով:
ԱՔՔԱՐԻ Ապտելլի շրջանին մէջ երկու երեխաներ մահացած են` բեռնարկղի մէջ պատահած ելեկտրական կարճ միացումին հետեւանքով բռնկած հրդեհին պատճառով: Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերը անոնց դիակները փոխադրած են Պաթրունի կառավարական հիւանդանոց, իսկ ապահովութեան ուժերը հասած են դէպքին վայրը:
ՆԱՊԱԹԻԷԻ մէջ եթովպիացի օգնական մը սուր իրով մը սպաննած է իր տանտիրուհին` 69 տարեկան: Սպանութեան մասին հետաքննութիւն բացուած է:
ԹՈՒՐՔԻՈՅ իշխանութիւնները խոստացած են Լիբանան ուղարկել 524 թոն մարդասիրական օժանդակութիւններ փոխադրող նաւ մը` նախքան Ռամատան ամսուան սկսիլը:


