Ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ սննդեղէնի արտածման, շուկայադրումին, ներածման եւ վաճառումին պատասխանատու հեղինակութիւններու հետ: Ներկայ գտնուեցան Ճարտարարուեստի մարզի սեփականատէրերու ընկերակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Նասրաուի, Սննդեղէնի ճարտարարուեստի սենտիքայի նախագահ Մունիր Պսաթ, Հանրախանութներու սենտիքայի նախագահ Նեպիլ Ֆահըտ, Սննդեղէնի ներածումի սենտիքայի նախագահ Հանի Պոհսալի եւ այլ պատասխանատուներ:
Հանդիպումին ընթացքին Ճ. Պուչիքեան յայտնեց, որ այս երեք կողմերուն աշխատանքը պէտք է մնայուն կերպով ներդաշնակ ըլլայ` աւելցնելով, որ երկրին դիմագրաւած տնտեսական այս սուր տագնապի օրերուն շատ աւելի անհրաժեշտ է աշխատանքը միասին համադրել եւ զայն համահունչ դուրս բերել` երաշխաւորելու համար սննդեղէնի ապահովութեան շարունակականութիւնը:
Միւս կողմէ, նախարար Պուչիքեան շեշտեց, որ սննդեղէնի արտածումը սահմանափակելու եւ նախարարին յատուկ արտօնութեամբ կատարելու իմաստով որդեգրուած որոշումը ժամանակաւոր է:
Իր կարգին, Նասրաուի յայտնեց, որ սննդեղէնի ճարտարարուեստով զբաղող եւ արտածող գործատէրերուն համար մտահոգութիւն է, որ արտաքին երկիրներու հետ անոնց պայմանագիրներուն վրայ ժխտական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ նախարարութեան որոշումը:
Նասրաուի աւելցուց սակայն, որ ողջունելի է նախարար Պուչիքեանի կողմէ արտածումի արտօնութիւնը չուշացնելու քայլը: «Լիբանանեան սննդեղէնի արտածումը կը շարունակուի, եւ մեր փափաքը այդ է` առանց լիբանանեան շուկային մէջ սննդեղէնի տագնապ պատճառելու», յայտնեց Նասրաուի: