Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ. «Լիբանան Եւ Եգիպտոս Պէտք Է Շարունակեն Արեւելքին Եւ Արեւմուտքին Միջեւ Կամուրջ Ըլլալ Եւ Խաղաղութիւնն Ու Կայունութիւնը Ամրապնդել» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

March 21, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը շաբաթ, 19 մարտ 2022-ին,  Գահիրէի Ս. Յովսէփ վանքին մէջ մատուցեց պատարագ մը, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ նշեց, որ մարոնի համայնքի զաւակները Լիբանանի այլ համայնքներու զաւակներուն հետ հասած են Եգիպտոս եւ իրենց հետ տարած մշակութային, տնտեսական եւ բարգաւաճման աւանդ, որոնցմով կը հպարտանան:

«Մեզի համար հպարտութիւն է նաեւ գրականութեան, արաբերէն լեզուի եւ տեղեկատուական բնագաւառներուն զարթօնքին մէջ մեր ունեցած ներդրումը: Մեր միջեւ յարաբերութիւնները ամուր հիմերու վրայ դրուած են, եւ կը յուսանք, որ անոնք կը շարունակուին», ըսաւ ան:

Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Եգիպտոս եւ Լիբանան այսօր հրաւիրուած են շարունակելու Արեւելքին եւ Արեւմուտքին միջեւ մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքակրթական կապը կամրջելու իրենց դերակատարութիւնը: «Պատերազմի եւ տագնապի այս օրերուն, Լիբանանը եւ Եգիպտոսը պէտք է յատուկ դերակատարութիւն ունենան պաշտպանելու համար կայունութիւնը, ամրապնդելու համար խաղաղութիւնը, երկխօսութիւնն ու ազգային համերաշխութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդկային ու ժողովրդային իրաւունքները:

Միւս կողմէ, «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ հանդիպում մը ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ, որուն շնորհակալութիւն յայտնած է Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք Եգիպտոսէն Լիբանան հաստատուած մարդասիրական օժանդակութիւններու օդային կամուրջին համար, ինչպէս նաեւ Ծոցի երկիրներու եւ Լիբանանի միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով Եգիպտոսի միջնորդութեան համար:

Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան աշխարհէն մեկուսացած է` աւելցնելով, որ Սիսի պատրաստ է լիբանանեան հարցին զօրակցելու:

Ան նկատել տուաւ, որ Սիսիի հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտած է, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները պէտք է կատարել` աւելցնելով, որ սահմանադրական հոլովոյթները իրենց կարգին պէտք է պահպանուին:

«Մենք անդրադարձանք նաեւ Հըզպալլայի զէնքի հարցին, որ դուրս եկած է լիբանանցիներուն ձեռքէն», ըսաւ Ռայի պատրիարքը` աւելցնելով, որ պաշտպանութեան ռազմավարութիւն մը եթէ ըլլայ, ապա այս հարցը մասամբ լուծուած կարելի էր նկատել:

 

Նախորդը

Զըհըննի` Լիբանանի Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերու Ընկերակցութեան Նոր Նախագահ

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Մեկնեցաւ Հռոմ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.