Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապտոլլահեան. «Վստահ Ենք, Որ Լիբանան Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Լաւագոյն Ձեւով Պիտի Կարենայ Կատարել` Երկրին Ապահովելով Աւելի Լաւ Ապագայ Մը»

March 25, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեան երէկ յետմիջօրէին երկօրեայ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Պէյրութ:

Դամասկոսէն եկող նախարարը Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ դիմաւորուեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Այուպ Հըմայէտի, Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիայի, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ալի Ամմարի, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Իպրահիմ Մուսաուիի կողմէ:

Օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Ապտոլլահեան Լիբանանին օժանդակելու եւ տնտեսական ու առեւտրական մարզերուն մէջ գործակցութիւնը ամրապնդելու Իրանի պատրաստակամութիւնը յայտնեց:

Ան նշեց, որ ամիս մը առաջ Միւնիխի մէջ ինք վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին յայտնած է Լիբանանի մէջ երկու ելեկտրակայաններ` իւրաքանչիւրը հազար մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք հայթայթելու զօրութեամբ, հիմնելու Իրանի պատրաստակամութիւնը:

Ապտոլլահեան այցելեց Այն Թինէ, ուր  հանդիպում մը ունեցաւ Պըրրիի հետ:

Մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Ապտոլլահեան մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Ապտոլլահեան ուղղուեցաւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու շրջանային իրադարձութիւնները:

Ապտոլլահեան այցելեց լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ապտալլա Պու Հապիպի:

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումէն ետք նախարարները մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին յայտարարութիւններ:

Պու Հապիպ ողջունեց իրանցի իր պաշտօնակիցը` հաստատելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:

Պու Հապիպ մաղթեց, որ Վիեննայի բանակցութիւնները յաջողութեամբ պսակուին, որպէսզի անոնք դրական ազդեցութիւն ունենան շրջանին եւ աշխարհին վրայ:

Ան մաղթեց նաեւ, որ Պաղտատի մէջ ընթացող Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ բանակցութիւնները յաջողին, որպէսզի շրջանային համաձայնութիւններ գոյանան եւ շրջանին մէջ արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը ամրապնդուին, վերահաստատուին արաբական-իրանեան միացեալ շահերը եւ Լիբանանը վերադառնայ իր բարօրութեան եւ կայունութեան:

Իր կարգին, Ապտոլլահեան հաստատեց, որ Պէյրութ այցելութեան իր նպատակն է բարձրաձայնել, որ Թեհրան Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն միայն բարիք կը ցանկայ:

Ան շեշտեց, որ իրենք կը վստահին Լիբանանի պետական այրերուն եւ անոնց իմաստութեան: «Վստահ ենք, որ Լիբանան երեսփոխանական ընտրութիւնները լաւագոյն ձեւով պիտի կարենայ կատարել` երկրին ապահովելով աւելի լաւ ապագայ մը», շեշտեց Ապտոլլահեան:

Ան հաստատեց, որ Իրան կ՛ողջունէ իր եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացումը:

Ապտոլլահեան շեշտեց, որ դիմադրութիւնը միակ միջոցն է ազատագրելու պաղեստինեան հողերն ու կերտելու պաղեստինեան անկախ պետութիւնը:

Վիեննայի բանակցութիւններուն մասին Ապտոլլահեան հաստատեց, որ ժամանակի եւ եզրերու առումով Միացեալ Նահանգներու կատարած խաղերուն փոխարէն, անոնք պէտք է արագացնեն բանակցութիւնները, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջնական համաձայնութիւն գոյացնել եւ աշխարհի բոլոր երկիրներուն օգտակար հանդիսանալ:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Ընդունեց Միքաթին Եւ Կրիոյի Հետ Քննարկեց Շարք Մը Հարցեր

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.