ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 410 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ:
ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 23.900 լ. ոսկիի:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Մուրթատա յայտնեց, որ միւֆթիին ջանքերը բացառիկ են` ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու եւ ազգային գիտակցութիւն տարածելու առումով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ իսրայէլեան երկու յածանաւեր Ռաս Նաքուրայի շրջանին մէջ ոտնձգութիւններ գործած են Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ` մուտք գործելով լիբանանեան ջուրեր: Բանակի հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ ծովային նմանօրինակ խախտումներուն բանակը կը հետեւի ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն հետ համադրելով աշխատանքը:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի այսօր` չորեքշաբթի, 23 մարտ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին: Պըրրի նիստի մը հրաւիրեց նաեւ խորհրդարանի դիւանը, որուն ժողովը պիտի գումարուի հինգշաբթի, 24 մարտ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Այն Թինէի մէջ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 եւ 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 14.000 լ. ոսկիով, մազութը` 30.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազը` 8000 լ. ոսկիով:
Հետեւաբար 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 431.000 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 441.000 լ. ոսկի, մազութը` 455.000 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 297.000 լ. ոսկի:
ԱՌԵՒՏՈՒՐԻ եւ տնտեսութեան նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ լիբանանցիներու սննդեղէնի ապահովութեան շրջագիծին մէջ հում նիւթ ապահովուած է` աւելցնելով, որ ապահովուած ցորենի պահեստը ամբարելու նպատակով Պեքաայի մէջ շտեմարաններ պատրաստելու աշխատանք կը տարուի:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ յանձնախումբը վաւերացուցած է ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարութեան պիւտճէն` արձանագրելով քանի մը դիտողութիւն: Քանաան աւելցուց նաեւ, որ յանձնախումբը որոշած է Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերուն 77 միլիառ լ. ոսկիի գումար մը յատկացնել:
ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա յայտնեց, որ կառավարութեան մշակած ամավարկին մէջ կը նշմարուին երեւակայական գումարներ, իսկ դրամատուները դատական իշխանութիւններուն կը պատասխանեն ժողովուրդը պատժելով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ կառավարութենէն կը պահանջուի ժողովուրդին կենցաղային հարցերը քննարկել` նկատի ունենալով, որ տագնապները աւելի կը սրին, լիբանանցիներուն կարիքները կը կուտակուին, առեւտրականները կը շահագործեն ժողովուրդը, իսկ հիւանդանոցային մարզը անհաւասարակշիռ կերպով կը շարունակէ իր աշխատանքը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ այսօրուան պայքարը անկախներու եւ Լիբանանը Իրանին հետեւորդ դարձնելու ճիգին մէջ եղող դիմադրողներու ուղեգիծերուն միջեւ պայքարն է:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ Հըզպալլա ո՛չ կը կառուցէ եւ ո՛չ ալ կը պաշտպանէ:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա յայտնեց, որ կառավարութիւնը ստիպուած է որդեգրելու այնպիսի քայլեր, որոնց հիման վրայ կարելի ըլլայ ելեւմտական եւ կենցաղային գործընթացները դիւրացնել` դրամատնային համակարգի հետապնդած այս քինախնդիր մօտեցումին լոյսին տակ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ մաղթեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի առողջական մարզին համար շտապ ծրագիր մը կը մշակէ եւ յաւելեալ հատուցումներ կ՛ապահովէ առողջապահութեան նախարարութեան, որպէսզի հիւանդներուն կարիքները կարելի ըլլայ հոգալ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Թեհրան համաձայն գտնուած է Իսրայէլի հետ կացութիւնը հանդարտեցնելու Միացեալ Նահանգներու պահանջին, պայմանով որ անոնք Հըզպալլան դուրս բերեն ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկէն:


