Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Եգիպտոս կատարած իր այցելութեան մասին հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ այդ այցելութեան` նկատել տալով, որ աշխարհի մէջ չկայ մէկը, որ Լիբանանի հարցին մասին չիմանայ:
«Լիբանան իր առողջութիւնն ու չէզոքութիւնը կորսնցուցած է: Լիբանան տագնապներու երկիր չէ, ան միշտ ալ ունեցած է պատգամի դերակատարութիւնը եւ իր պատգամ ըլլալու իրականութիւնը փաստած է երկխօսութեան ընդմէջէն», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանանը մեկուսացնելու պատճառները յստակ են, եւ այդ հարցը կարելի է լուծել, երբ Լիբանան վերահաստատէ ինքզինք իբրեւ չէզոք երկիր: «Պատերազմը լիբանանցիներու շահերուն չի ծառայեր, ընդհակառակն` Լիբանանի շահերը կ՛ենթադրեն պահպանել երկրին գերիշխանութիւնը եւ ոչ թէ ըլլալ պետութիւն մը, որ երկիրներու եւ հանրապետութիւններու խմբաւորում մըն է, ինչպէս նաեւ պաշտպանէ ինքզինք Իսրայէլի եւ այլ երկիրներու յարձակումներէն», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը նշեց, որ նկատի առնելով այն իրականութիւնը, որ լիբանանցիները կարողութիւն չունին իրարու հետ նստելու, ապա ինք առաջարկած է միջազգային խորհրդաժողով մը գումարել, ինչպէս էր պարագան Թաէֆին:
Ան նշեց, որ այդ առաջարկին մասին համաձայնութիւն կայ` աւելցնելով, որ ինք հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի պիտի այցելէ, երբ նախագահը Վատիկանէն վերադառնայ Լիբանան:
Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Եգիպտոս կատարած իր այցելութեան եւ ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին ընդգծուած է Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ հնչած են մաղթանքներ, թէ Լիբանան պէտք է վերականգնի: «Եթէ Հըզպալլայի զէնքը Իսրայէլի դէմ է, ապա ան ինչո՞ւ մեզի պատերազմներու միջամուխ կը դարձնէ տարբեր շրջաններու մէջ», հարց տուաւ ան:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Գահիրէի մէջ ընդունեց Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարի արաբական հարցերով օգնական, դեսպան Ալա Մուսան, որ գործուղուած էր արտաքին գործոց նախարար Սամեհ Շուքրիի կողմէ` վերջինիս Եգիպտոսէն դուրս գտնուելուն պատճառով:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս տագնապալի իրավիճակն ու Եգիպտոսի դերակատարութիւնը` այդ հարցերը դիմագրաւելու եւ երկիրը վերականգնելու իմաստով:
Մուսա նշեց, որ իրենք կը ջանան լիբանանեան քաղաքական կողմերը մղել, որ Լիբանանի գերագոյն շահերուն նպատակով համաձայնին` աւելցնելով, որ Եգիպտոս պատրաստ է այս իմաստով օժանդակելու:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Եգիպտոսի պապական նուիրակ գերապայծառ Նիքոլա Թիֆնան, որուն հետ քննարկումի ընթացքին կարեւոր նկատուեցաւ Վատիկանի դիւանագիտութեան դերակատարութիւնը` Լիբանանի դատին զօրակցելու:
Թիֆնան Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն նկատմամբ իր սէրը յայտնեց Ռայի պատրիարքին` աւելցնելով, որ Լիբանանի բարօրութեան համար ամէն օր կ՛աղօթէ: