Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆարիտ Խազեն. «Պապին Լիբանան Այցելութիւնը Մօտիկ Ապագային Պիտի Չկատարուի»

March 24, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Էլիաս Խազեն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի Հռոմ կատարած այցելութեան եւ Ֆրանչիսկոս պապին հետ անոր հանդիպումին:

Խազեն ընդգծեց, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են հիմնական եւ կենսական հարցեր` Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները ամուր պահելու առումով:

Ան նկատել տուաւ, որ նախագահ Աուն բոլոր լիբանանցիներուն հոգերը ներկայացուցած է պապին, առանց լիբանանեան քաղաքական տարակարծութիւններուն ակնարկելու:

Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան այցելութեան թուականին մասին Խազեն յայտնեց, որ այդ թուականը կը ճշդուի Վատիկանի կողմէ` աւելցնելով, որ պապին Լիբանան այցելութիւնը մօտիկ ապագային պիտի չկատարուի:

Հըզպալլայի նկատմամբ Վատիկանի կեցուածքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Խազեն հաստատեց, որ Վատիկանի սկզբունքային կեցուածքը այն է, որ Լիբանանի մէջ եւ անկէ դուրս բոլոր ուժերուն հետ երկխօսութիւն կատարէ, «իսկ երկխօսութիւն կատարել չի նշանակեր այս կամ այն կողմին տեսակէտները որդեգրել», ըսաւ ան:

Հըզպալլան ահաբեկչութեան ցանկէն դուրս բերելու իմաստով Վատիկանի կողմէ առաջադրուելիք նախաձեռնութեան մասին Խազեն ըսաւ. «Վատիկան պատրաստ է որեւէ նախաձեռնութիւն առաջադրելու` Լիբանանի տագնապները, յատկապէս քաղաքացիներուն առօրեայ տառապանքները մեղմացնելու նպատակով»:

 

Նախորդը

Քանաան. «Պետական Ամավարկին Մէջ Նշուած Բոլոր Նախարարութիւններուն Եւ Վարչութիւններուն Պիւտճէները Վաւերացուցինք»

Յաջորդը

«Առաջարկեցի Միջազգային Խորհրդաժողով Մը Գումարել, Ինչպէս Էր Պարագան Թաէֆին» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

RelatedPosts

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»
Լիբանանեան

Մըթրի. «Լիբանանը Յառաջիկայ Շաբաթ Սուրիոյ Հետ Համաձայնութիւն Պիտի Կնքէ` 300 Սուրիացի Կալանաւորուածներ Յանձնելու Համար»

February 2, 2026
14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով`  Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»
Լիբանանեան

14 Փետրուարի Ոգեկոչման Մեծաթիւ Մասնակցութեան Կոչ Ուղղելով` Ահմետ Հարիրի. «Սաատ Հարիրիի Արտասանելիք Խօսքը Ընտրութիւններուն Նկատմամբ Դիրքորոշում Պիտի Ներառէ»

February 2, 2026
Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ
Լիբանանեան

Մօտ Օրէն Լիբանանի Մէջ Բռնածաղրը Օրէնքով Պատժելի Կը Դառնայ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.