Կրթութեան նախարար Ապպաս Հալապի երէկ ճշդեց 2021-2022 կրթական տարեշրջանի աւարտը` պետական դպրոցներուն մէջ:
Ըստ Հալապիի որոշումին, պետական դպրոցներուն մէջ Պրէօվէի եւ Պաքալորէայի դասարաններուն համար դպրոցը կ՛աւարտի 30 յունիս 2022-ին, մնացեալ դասարանները` առաւելագոյնը 7 յուլիս 2022-ին, իսկ մանկապարտէզները` 16 յունիս 2022-ին:
Նախարարին որոշումին համաձայն, Պրէօվէի եւ Պաքալորէայի պետական քննութիւնները մինչեւ 28 յուլիս 2022 պէտք է աւարտած ըլլան:
Միւս կողմէ, Հալապի այցելեց Շիիներու գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ալի Խաթիպի, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Այցելութենէն ետք Հալապի կոչ ուղղեց երեսփոխանական ընտրութիւնները վերածելու այնպիսի փուլի մը, որուն ընթացքին կարելի ըլլայ խաղաղութեան եւ կայունութեան մթնոլորտի մէջ առաջ նայիլ եւ զարգացումներ արձանագրել: