Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ. Յուսադրիչ Ու Վերապահ Տրամադրութիւններով Լիբանանցիք Կը Հետեւին Նախընտրական Զարգացումներուն
Լիբանանցիք ժամադրուած են քանի մը շաբաթ ետք նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութեանց կայացման հետ, որ ըստ ոմանց կը թուի «ճակատագրական» ըլլալ, իսկ ըստ ուրիշներու` սովորական ընտրութիւն մը, որ «ոչինչ պիտի փոխէ տիրող կացութենէն»: Իսկ կարգ մը յոռետեսներ անհաւանական կը նկատեն ընտրութիւններու կայացումն իսկ: Արդարեւ, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական, առողջապահական ու քաղաքական աննպաստ պայմաններուն եւ ապահովական «շրջուն» խլրտումներուն` մերթ Թրիփոլիի, մերթ Պէյրութի...



















