Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

April 6, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 284 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.000 լ. ոսկիի:

ՖՐԱՆՉԻՍԿՈՍ պապը յունիս ամսուան ընթացքին պիտի այցելէ Լիբանան:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի, ինչպէս նաեւ արդարութեան եւ վարչական հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին 17 հոկտեմբեր 2019-էն ետք Լիբանանէն դուրս փոխանցուած գումարները վերադարձնելու կարելիութիւնները: Նիստը պիտի գումարուի այսօր` չորեքշաբթի, 6 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին: Նշենք, որ Պըրրի երէկ ստորագրեց 29 մարտ 2022-ին խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած 13 օրէնքները եւ զանոնք ուղարկեց կառավարութեան:

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ վերադատ ատեանի ընդհանուր դատախազ Ղատա Աուն որոշեց «Պլոմ» եւ «Աուտէ» դրամատուներու տնօրէններ Սաատ Ազհարի եւ Սամիր Հաննայի դէմ ճամբորդութեան արգելքը չեղեալ նկատել` ընդառաջելով զոյգ դրամատուներու պաշտպան իրաւաբան Սախըր Հաշեմի պահանջին:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 6000 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինը` 7000 լ. ոսկիով, մազութը` 13.000 լ. ոսկիով եւ պիւթակազը` 11.000 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 95 օքթան պենզինին սակը 456.000 լ. ոսկի է, 98 օքթան պենզինը` 466.000 լ. ոսկի, մազութը` 508.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 317.000 լ. ոսկի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Զիատ Մքերի երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Չինաստանի դեսպան Չիան Մինճիանը, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները` դրուատելով լիբանանեան-չինական ամուր կապերը: Մքերիի այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա այցելեց ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Պասսամ Մաուլաուիի, որուն հետ քննարկեց 15 մայիսի երեսփոխանական ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները: Վրոնեցքա այցելեց նաեւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի տունդարձը պայմանաւորուած է Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորին տրամադրած 36 միլիոն տոլարը լիբանանցիներուն իբրեւ օժանդակութիւն փոխանցելու աշխատանքով: Նոյն օրաթերթին համաձայն, Պուխարիի Պէյրութ վերադարձը կրնայ նաեւ ուղղակի առնչուած ըլլալ Լիբանանի եւ Ծոցի երկիրներու համագործակցութեան խորհուրդին միջեւ յարաբերութիւնները բարելաւելու քուէյթեան նախաձեռնութեան:

 

 

Նախորդը

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան Գրատարածը Կը Մասնակցի Լոնտոնի Գիրքի Միջազգային Տօնավաճառին

Յաջորդը

Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ալիւրի Լուրջ Տագնապ Գոյութիւն Ունի

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.