Լիբանանցիք ժամադրուած են քանի մը շաբաթ ետք նախատեսուող խորհրդարանական ընտրութեանց կայացման հետ, որ ըստ ոմանց կը թուի «ճակատագրական» ըլլալ, իսկ ըստ ուրիշներու` սովորական ընտրութիւն մը, որ «ոչինչ պիտի փոխէ տիրող կացութենէն»: Իսկ կարգ մը յոռետեսներ անհաւանական կը նկատեն ընտրութիւններու կայացումն իսկ: Արդարեւ, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական, առողջապահական ու քաղաքական աննպաստ պայմաններուն եւ ապահովական «շրջուն» խլրտումներուն` մերթ Թրիփոլիի, մերթ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններուն կամ այլ շրջաններու մէջ` որոշ զարգացումներ լաւատեսութեան մթնոլորտ ստեղծեցին կարգ մը լիբանանցիներու մօտ: Փաստօրէն, երկարատեւ բանակցութիւններէ ետք, Միջազգային դրամական ֆոնտը, ի վերջոյ սկզբնական հաւանութիւն տուաւ երեք միլիառ տոլարի օժանդակութիւն յատկացնել Լիբանանին: Նմանապէս` աւելի քան հինգ ամսուան դիւանագիտական յարաբերութեանց «առկախումէ» ետք, երէկ` ուրբաթ, 8 ապրիլի յետմիջօրէին Լիբանան վերադարձան Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի եւ Քուէյթի դեսպան Ապտել Ալ Քանայի: Աւելի՛ն, յառաջիկայ յունիսի կէսերուն, Հռոմի պապին Լիբանան այցելութեան «աւետիս»-ը նոյնքան դրական ազդանշան տուաւ կացութեան բարելաւման յոյսերուն եւ ակնկալութեանց գծով:
Ծոցի երկիրներու թէ միջազգային կազմակերպութեան եւ Հռոմի պապին այս դրական «մօտեցումները» լայն արձագանգ գտան տեղական թէ արտաքին շրջանակներու մօտ:
Արդարեւ, նախագահ զօր. Միշել Աուն շեշտեց, թէ պատկան մարմիններ պիտի գործադրեն Միջազգային դրամական ֆոնտի պահանջները: Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ողջունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի կեցուածքն ու Ծոցի երկիրներու դեսպաններուն Լիբանան վերադարձը: Նմանապէս նաեւ Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները ողջունեցին միջազգային կազմակերպութեան հետ կայացած սկզբնական համաձայնութիւնը, որուն յաջողութեան համար նշեալ ֆոնտը արդէն իսկ նախապատրաստութիւններու ձեռնարկած է` գրասենեակներու կահաւորման եւ առնչակից թղթածրարներու պատրաստութեան գծով:
Նոյն ծիրին մէջ մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքին Պաապտա այցելութիւնը երէկ` ուրբաթ, 8 ապրիլին եւ նախագահ Միշել Աունի հետ խորհրդակցութիւնները դրական նախանշան նկատուեցան մօտերս նախատեսուող միջլիբանանեան համախոհութեան գծով, նախընտրական այս շրջանին: Այլ խօսքով, Հռոմի պապին Լիբանան այցելութեան մտադրութեան կը վերագրուին լիբանանեան պետական կառոյցի ամրագրման ճիգերը: Նաեւ նոյն գծով կը նախատեսուի Լիբանանի յատուկ միջազգային համագումար կազմակերպել, որուն յաջող ելքով` կը նախատեսուի միջլիբանանեան համագումար մը, որ կրնայ ըլլալ նոր «Թաէֆի համաձայնագիր» մը` բարեփոխուած բնոյթով:
Սակայն, Կայ Նաեւ Մետալին Միւս Երեսը` Մարտահրաւէրներու Առկայութիւնը
Զուգահեռաբար սակայն կարգ մը լիբանանցիներ որոշ վերապահութեամբ կը հետեւին նշեալ զարգացումներուն, տարբեր հարցադրումներ ու մտավախութիւններ արծարծելով: Անոնք մտահոգ են, թէ լիբանանեան պատկան իշխանութիւններ արդեօք պիտի կարենա՞ն գործադրել Միջազգային դրամական ֆոնտին դրած օժանդակութեան նախապայմանները, որոնք կը սկսին խոստացեալ բարեկարգումներու իրականացման պահանջով ու իրաւական հաշուեքննութեան եւ պետական պիւտճէի վաւերացումով, որ ինքնին կ՛առաջադրէ քաղաքացիներէն գանձուող տուրքերու քանակին յաւելումը եւ այլն: Նաեւ մտավախութիւններ կան լիբանանեան թղթոսկիի յարաճուն արժեզրկման, ելեկտրական հոսանքի «հարց»-ին ձգձգման, դրամատուներու մէջ պահ դրուած գումարներու վերստացման անորոշութեան եւ այլ առնչակից մտահոգութիւններ` վառելանիւթի, հացի ու առհասարակ սննդեղէնի եւ դեղորայքի սղաճի, երթեւեկի թէ աշխատավարձերու անխուսափելի յաւելման գրեթէ ամէնօրեայ «մղձաւանջ»-ին գծով: Տակաւին, այս բոլորին կողքին կայ նաեւ նախագահական ընտրութեան կայացման գծով հարցադրումներու մտավախութիւնը: Իսկ վերջին օրերուն Թրիփոլիի թէ Պէյրութի Հարաւային արուարձանին մէջ պատահած ապահովական բախումները «մանրանկարը» կը կազմեն առաւել վտանգաւոր բախումներու բռնկումի հաւանականութեան, որուն մասին յաճախակի ակնարկներ կան լրատուական լսողատեսողական միջոցներուն մէջ:
Այս բոլորը կ՛առաջադրեն, որ լիբանանեան պատկան իշխանութիւններ ժամանակին հետ մրցավազքի դիմեն` յաղթահարել կարենալու համար նշեալ մարտահրաւէրները եւ արդարացնելու լիբանանցիներու կողմէ իրենց վրայ դրուած յոյսերը:


