Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Ելեկտրականութեան Ծրագիրին

April 7, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 21 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:

Նիստէն բացակայեցաւ արդարութեան նախարար Հանրի Խուրի` ճամբորդութեան պատճառով:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Միքաթի անդրադարձաւ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւններուն` հաստատելով, որ հիմնական թղթածրարներուն շուրջ տեսակէտներու մերձեցում գոյութիւն ունի` յատկապէս տնտեսական եւ ելեւմտական մարզերու ապաքինման ծրագիրին շրջագիծին մէջ:

Միքաթի հաստատեց, որ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին` աւելցնելով, որ Լիբանան կը գտնուի դժուար ու ծանր վիճակի մէջ, սակայն ի վերջոյ երկիրը պիտի ապաքինի:

Վարչապետ Միքաթի ակնարկեց փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի կատարած յայտարարութեան` աւելցնելով, որ ան յուսալքած է լիբանանցիները:

«Շամիի նպատակն էր բոլորը հրաւիրել զգաստութեան, որպէսզի կարելի ըլլայ այս դժուար իրավիճակէն դուրս ելլել եւ տիրող կացութիւնը գիտական բացատրութեամբ նկարագրել», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն հարցով ներքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ կազմակերպական իր աշխատանքը:

Ան նկատել տուաւ, որ ինք երէկ առաւօտեան ստորագրած է երեսփոխանական ընտրութիւնները ֆինանսաւորելու յատուկ խորհրդարանին վաւերացուցած օրէնքը եւ զայն ուղարկած հանրապետութեան նախագահին:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը կասկածի տակ առնող որեւէ խօսք պարզապէս վերլուծում կը նկատուի, որովհետեւ ընտրութիւնները սահմանադրութեամբ ճշդուած թուականին պիտի կատարուին, որովհետեւ ընտրութիւնը լիբանանեան պահանջ է, նախքան` բարեկամներու յատուկ պահանջ ըլլալը», հաստատեց ան:

Վարչապետ Միքաթի կոչ ուղղեց պատասխանատու նախարարներուն սղաճին հսկողութիւնը խստացնելու եւ չարաշահում կատարող առեւտրականներուն դէմ պայքարելու:

Նշենք, որ կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին համաձայն գտնուեցաւ ելեկտրականութեան ծրագիրին, ինչպէս նաեւ Զահրանիի եւ Տէյր Աամարի ելեկտրական կայաններուն կառուցման:

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ նիստին ընթացքին պահանջեց ելեկտրակայան մը կառուցել նաեւ Սըլաաթայի մէջ, սակայն վարչապետ Միքաթի եւ մշակոյթի նախարար Մոհամետ Մուրթատա մերժեցին` յայտնելով, որ ներկայ փուլին համաձայն գտնուած են միայն երկու ելեկտրակայաններ հիմնելու Զահրանիի եւ Տէյր Աամարի մէջ:

Միւս կողմէ, նիստի աւարտին տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախարար Ամին Սալամ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը Կեդրոնական դրամատունէն պահանջած է ցորենի ներածումին համար պէտք եղած գումարները վճարել` աւելցնելով, որ այդ ձեւով կարելի է լուծել ցորենի տագնապին հարցը:

Սալամ նշեց, որ ցորեն փոխադրող նաւեր արդէն իսկ կը գտնուին լիբանանեան ջուրերուն մէջ, եւ լիբանանեան շուկային մէջ սննդեղէնի տագնապ չկայ:

Սալամ դիտել տուաւ նաեւ, որ Լիբանանի եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին միջեւ բանակցութիւնները երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք պիտի չկատարուին, այլ` հետեւողական կերպով պիտի շարունակուին:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Հաժժարի Հետ Քննարկեց «Աման» Ծրագիրին Եւ Հատուցման Քարտին Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Վարչապետ Սալամ Նապաթիէ Այցելեց

October 3, 2026
Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ  Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ
Լիբանանեան

Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն` Նախագահներ Խաչատուրեանի Եւ Աունի Միջեւ

October 3, 2026
«Երկրին Դիմագրաւած Բոլոր Սպառնալիքներուն Դէմ  Անհրաժեշտ Բոլոր Քայլերը Պիտի Որդեգրուին»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը
Լիբանանեան

Թուրքիոյ Հաղորդակցութիւններու Բաժանմունքի Նախագահութիւնը Կը Հերքէ Սուրիա-Հըզպալլա Ժողովի Լուրը

October 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.