Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երկրին Սնանկացած Ըլլալուն Մասին Շամիի Յայտարարութիւնը Անճիշդ Է

April 5, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն շրջանառութեան մէջ դրուեցաւ փոխվարչապետ Սաատէ Շամիի մէկ յայտարարութիւնը, որուն մէջ ան կը հաստատէ, որ լիբանանեան պետութիւնը, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական դրամատունը սնանկացած են` ցաւ յայտնելով, որ երկրին մէջ ամէն բան փլուզումի մատնուած է:

Երեկոյեան ժամը 6:30-ին Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ  հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Կեդրոնական դրամատան սնանկացած ըլլալուն մասին յայտարարութիւնը անճիշդ է:

«Հակառակ երկրին ելեւմտական մարզին ունեցած վնասներուն եւ մեկնելով այն իրողութենէն, որ Լիբանանի կառավարութեան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտին կողմէ ճիգեր չեն խնայուիր լուծումներ գտնելու համար, Կեդրոնական դրամատունը տակաւին իր դերակատարութիւնը կը կատարէ», կը նշէ Սալամէի հրապարակած հաղորդագրութիւնը:

Իսկ Շամի իր կարգին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ իր յայտարարութիւնը սփռուած էր մասնատուած վիճակով:

Ան հաստատեց, որ ինք ընդհանուր միտք մը փորձած էր արտայայտել, սակայն իր յայտարարութիւնը կտրատուած էր եւ փորձ մը կատարուած էր սխալ պատգամ փոխանցելու:

Շամի շեշտեց, որ ոչ մէկ պատասխանատու կարողութիւն ունի պետութիւնը սնանկացած յայտարարելու: «Եթէ ես անձամբ նման լուր մը կամ խորագիր մը կարդայի, ինքնաբերաբար չէի շարունակեր ընթերցումը, որովհետեւ յստակ կը դառնար ինծի համար, որ այդ տեղեկութիւնը անճիշդ է կամ սուտ կամ մասնատուած յայտարարութիւն», ըսաւ Շամի:

Հետեւաբար լիբանանեան պետութեան եւ Կեդրոնական դրամատան սնանկացած ըլլալու լուրը հերքուեցաւ, սակայն վերոնշեալ անճիշդ յայտարարութենէն գրեթէ օր մը ետք:

 

 

Նախորդը

«Լեռնագնացութեան Ֆետերասիոնի Մեկնարկը Միաժամանակ Մարմնակրթական, Զբօսաշրջական Եւ Կենսոլորտային Պատգամ Մըն Է» Շեշտեց Վ. Օհանեան-Գէորգեան

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Կը Խորհրդակցի Ժոմպլաթի Հետ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.