Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Հեքթոր Հաժժարը, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութեան վերաբերող մանրամասնութիւններ, յատկապէս աշխատաւորներու ամսական աշխատավարձերուն եւ դրամատան կողմէ ճշդուած սահմանափակումներուն վերաբերող:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ «Աման» ծրագիրին եւ հատուցման քարտին վերաբերող հարցեր, որոնց շրջագիծին մէջ Հաժժար հաստատեց, որ մարտ 2022-էն ի վեր «Աման» ծրագիրէն նպաստ կը ստանան 150 հազար ընտանիքներ:
Անդրադառնալով հատուցման քարտին` Հաժժար յայտնեց, որ տակաւին ոչ մէկ նորութիւն կայ այդ իմաստով: «Մենք մեր աշխատանքն ու պարտականութիւնը կատարած ենք եւ կը սպասենք Միջազգային դրամատան` ֆինանսաւորելու համար այդ ծրագիրը», ըսաւ Հաժժար:


