Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Միքաթի Կը Խորհրդակցի Ժոմպլաթի Հետ

April 5, 2022
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ երեկոյեան այցելեց Քլեմանսօ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Ապպաս Հալապի եւ Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ Ժոմպլաթի հետ հանդիպումը խորհրդակցական բնոյթի հանդիպում մըն է, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու կառավարութեան վերաբերող հարցեր:

«Ժոմպլաթի հետ մեր յարաբերութիւնը ռազմավարական է», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ ներկայիս կառավարութիւնը նշանակումներ պիտի չկատարէ` աւելցնելով, որ կառավարութեան վաղուան նիստին ընթացքին նշանակումներ պիտի չկատարուին:

Իր կարգին, Ժոմպլաթ պատասխանելով Թրիփոլիի մէջ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան կողմէ թեկնածու մը առաջադրելու իրականութեան վերաբերող հարցումի մը, ըսաւ. «Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը Թրիփոլիի մէջ պատմութիւն ունի, իսկ կուսակցութեան անդամ Աֆրա Իտ մաս պիտի կազմէ վարչապետ Միքաթիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան հովանաւորած ընտրացանկին»:

Միւս կողմէ, վարչապետարանին մէջ Միքաթի նախագահեց Լիբանանի տնտեսական ապաքինման նուիրուած Դ. նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի, Եւրոպական Միութեան եւ Միջազգային դրամատան ներկայացուցիչները:

Նիստին ընթացքին Միքաթի ընդգծեց, որ գրեթէ հասած են երկրին ելեւմտական եւ տնտեսական ապաքինման ծրագիրի մշակման աւարտին` աւելցնելով, որ միջազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ կը վերջնականացնեն գործադրուելիք բարեկարգումները:

Իր կարգին, Միջազգային դրամատան Միջին Արեւելքի բաժանմունքի տնօրէն Սարուժ Քումարճահ շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապը աշխարհի 3 վատագոյն տագնապներէն մէկն է` աւելցնելով, որ ինք լաւատես է վարչապետ Միքաթիի առաջնորդած բարեկարգումներու ծրագիրով:

 

Նախորդը

Երկրին Սնանկացած Ըլլալուն Մասին Շամիի Յայտարարութիւնը Անճիշդ Է

Յաջորդը

Երէկ Կէս Գիշերին Աւարտեցաւ Ընտրական Ցանկերը Արձանագրելու Ժամկէտը

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.