Լիբանանեան

Պքերքէի Մէջ.  «Խոստմնալից Եւ Դրական Զարգացումներ  Պիտի Արձանագրուին»  Շեշտեց Նախագահ Աուն

Պքերքէի Մէջ. «Խոստմնալից Եւ Դրական Զարգացումներ Պիտի Արձանագրուին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Ս. Զատկուան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անցեալ կիրակի առաւօտեան ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ: Նախագահ Աուն Ռայի պատրիարքին հետ ունեցաւ 25 վայրկեան տեւած դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները արդէն իսկ աւարտած են: Նախագահ...

Խորհրդարանի Նախագահը Շնորհաւորեց  Լիբանանցիները Եւ Հաշտեցուց Համասն Ու Ֆաթհը

Խորհրդարանի Նախագահը Շնորհաւորեց Լիբանանցիները Եւ Հաշտեցուց Համասն Ու Ֆաթհը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի Ս. Զատկուան տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները, յատկապէս քրիստոնեաները` շեշտելով, որ Ս. Զատիկը ուսանելի դասեր քաղելու տօն մըն է, որ կ՛անդրադառնայ զոհողութեան, յոյսի, յարութեան եւ փրկութեան արժէքներուն: «Գողգոթայի ճամբան կ՛աւարտի ատելութիւնը ջնջելով, սէր տարածելով եւ միասնականութեան արմատները ամրացնելով, որպէսզի Աստուծոյ սէրը մարդուն ատելութեան հետ համահաւասար չնկատուի, իսկ հայրենիքին նկատմամբ սէրը հաւատքէն կը ծնի», ըսաւ Պըրրի: Միւս կողմէ,...

Ճ. Պուչիքեան. «Լիբանան Արժանի Է  Զոհողութեան Եւ Քրիստոսի Յարութեամբ  Պիտի Վերականգնի»

Ճ. Պուչիքեան. «Լիբանան Արժանի Է Զոհողութեան Եւ Քրիստոսի Յարութեամբ Պիտի Վերականգնի»

Ս. Զատկուան տօնին առիթով, ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեան շնորհաւորեց լիբանանցիները` մաղթելով, որ Քրիստոսի յարութեամբ Լիբանան եւս վերականգնի: Նախարար Պուչիքեան շեշտեց, որ բարիքի, սրբութեան եւ օրհնութեան Լիբանանը իր զաւակները յուսախաբ չէ ըրած` աւելցնելով, որ Լիբանանին կառչածութիւնը զիրենք կը մղէ աշխատելու անոր ապաքինման ու բարգաւաճման ի խնդիր: «Լիբանան արժանի է զոհողութեան, ինչքան ալ խիստ ըլլան դժուարութիւնները, որպէսզի ան վերահաստատէ քաղաքակրթութեան, մշակոյթի, երկխօսութեան...

Ֆրենժիէ Լաւրովի Եւ Պոկտանովի Հետ  Կը Քննարկէ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ֆրենժիէ Լաւրովի Եւ Պոկտանովի Հետ Կը Քննարկէ Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ` ընկերակցութեամբ Մարատա հոսանքի մէկ պատուիրակութեան, որուն մաս կազմեցին նախկին նախարար Ռոնի Արայժի, նախկին երեսփոխան Քարիմ Ռասի եւ Անթուան Մըրհեպ, այցելեց Ռուսիա: Մոսկուայի մէջ Ֆրենժիէ եւ Մարատայի պատուիրակութիւնը հանդիպում մը ունեցան Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ: Լաւրով ընդգծեց, որ Մոսկուա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան` մաղթելով, որ Լիբանան կարենայ շրջանցել այն հարցերը, որոնք կը...

Անարգ Ոճիր Մը Կը Ցնցէ Մրուժը

Անարգ Ոճիր Մը Կը Ցնցէ Մրուժը

Երէկ երեկոյեան Մրուժի շրջանին մէջ գտնուող «Մրուժ» դեղարանի դեղագործուհի Լէյլա Ռըզք սպաննուած գտնուեցաւ իր դեղարանին մէջ: Ապահովութեան ուժերը եւ ոստիկանական փաստահաւաք ջոկատը փութացին դէպքին վայրը, ուր հետաքննութիւն բացուեցաւ: Մրուժ գիւղաքաղաքը ցնցած այս անարգ ոճիրը դատապարտուեցաւ դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլումի կողմէ, որ գուժեց Ռըզքի մահը եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց դեղագործներուն ու դեղարաններուն ապահովութիւնը երաշխաւորող յատուկ միջոցառումներ որդեգրել: Աւելի ուշ դեղագործներու...

Piere_Dakkash_41822

Նախկին Երեսփոխան Փիեռ Տաքքաշ Մահացաւ

Նախկին երեսփոխան Փիեռ Տաքքաշ նախանցեալ օր մահացաւ: Ծնած է 11 դեկտեմբեր 1928-ին, ասպարէզով բժիշկ է, ապա մուտք գործած է լիբանանեան քաղաքական կեանք: Տաքքաշ ծանօթ է իբրեւ «Աղքատներուն բժիշկ»-ը: Ան գործած է «Հիւանդներուն պիտի հարցնեմ անոնց ցաւին մասին եւ ոչ` դրամին» կարգախօսով: 94-ամեայ Տաքքաշ քաղաքական իր գործունէութեան մէջ եւս եղած է թափանցիկ եւ անկեղծօրէն իր գաղափարները արտայայտող պետական գործիչ: Տաքքաշի յուղարկաւորութեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 72 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 25.050 լ. ոսկիի: ՎԱՐՉԱՊԵՏ Նեժիպ Միքաթիի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը հերքէ իր եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի միջեւ գաղտնի հանդիպումի մը լուրը: Նոյն հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ նուազուրդները, որոնք...

Մամլոյ Արձակուրդ

Մամլոյ Արձակուրդ

Աւագ ուրբաթ օրուան ու Ս. Յարութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ շաբաթ, 16 եւ երկուշաբթի, 18 ապրիլ 2022-ին: Մեր յաջորդ թիւը` երեքշաբթի, 19 ապրիլ 2022-ին:  

Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ.  Խոչընդոտներու Հարթումին Եւ Հակադիր Կողմերու Միջեւ  Ձիւնհալի Ճիգերը Կը Շարունակուին Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ. Խոչընդոտներու Հարթումին Եւ Հակադիր Կողմերու Միջեւ Ձիւնհալի Ճիգերը Կը Շարունակուին Տեղական Թէ Արտաքին Մակարդակներու Վրայ

15 մայիս 2022-ին նախատեսուող երեսփոխանական ընտրութիւններու ժամկէտին ընդառաջ առկայ խոչընդոտներու հարթումին եւ վերացման ճիգերը կը շարունակուին` մէկէ աւելի մարզերու մէջ: Արդարեւ, հացի  տագնապին գծով  փուռերու սենտիքայի նախագահ Ահմետ Հթէյթ երէկ հանգստացուց քաղաքացիները, թէ անհրաժեշտ անմիջական ֆինանսաւորումը դասաւորուած է եւ առնուազն մէկ ամսուան հացի պաշարը ապահովուած է առժամաբար` սպասելով աւելի արմատական լուծումներու: Նմանապէս, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատ Եգիպտոսի...

Դեսպան Ուալիտ Պուխարի Այսօր Պիտի Այցելէ Նախագահ Միշել Աունի

Դեսպան Ուալիտ Պուխարի Այսօր Պիտի Այցելէ Նախագահ Միշել Աունի

Լիբանան իր վերադարձէն ի վեր Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի լծուած է միջլիբանանեան տարբեր կողմերու միջեւ մտերմիկ հանդիպումներու կազմակերպման` ռամատան ամսուան եւ ֆիթրի տօնին առիթով: Այս ծիրին մէջ կը նախատեսուի, որ դեսպան Պուխարի այսօր` չորեքշաբթի, 13 ապրիլին այցելէ Պաապտայի պալատ եւ խորհրդակցի նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ: Միւս կողմէ, դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ` երեքշաբթի, 12 ապրիլի երեկոյեան դարձեալ կազմակերպեծ ռամատանի...

Պատուիրակութիւն Մը Գլխաւորելով`   Նախարար Պուչիքեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Պատուիրակութիւն Մը Գլխաւորելով` Նախարար Պուչիքեան Այցելեց Նախագահ Աունի

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը` ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նորընտիր խորհուրդին, զոր կը գլխաւորէր Սելիմ Զըհըննի: Այս առիթով նախագահ Աուն բարձր գնահատեց ճարտարարուեստի մարզին մէջ տարուող ճիգերը` նշելով, որ Լիբանան խորապէս նահանջած է յաչս արտաքին կազմակերպութիւններուն: Նախագահ Աուն ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան ներկայիս մուրացկանի նման միջազգային կազմակերպութիւններէն սննդեղէն եւ օժանդակութիւն կը հայցէ: Իր կարգին,...

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Այցելեց Ազգային Ազատ Հոսանքի Նախագահ Ժըպրան Պասիլի

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպան Վահագն Աթաբէկեան Այցելեց Ազգային Ազատ Հոսանքի Նախագահ Ժըպրան Պասիլի

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ Հայաստանի երկկողմանի յարաբերութեանց եւ այս գծով արծարծուող առաջնահերթութիւններուն վրայ: Այս առիթով կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ նաեւ շրջանային ու միջազգային նորագոյն զարգացումներուն շուրջ:

Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ.  Շարունակուող Մտատանջութիւններուն Զուգահեռ` Արգելքները Հարթելու Միտող Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Ընդառաջ. Շարունակուող Մտատանջութիւններուն Զուգահեռ` Արգելքները Հարթելու Միտող Ճիգերը Թափ Կ՛առնեն

Որքան խորհրդարանական ընտրութեանց ժամկէտը կը մօտենայ, մտավախութիւնները առաւել եւս կը շեշտուին` օրըստօրէ կուտակուող այլազան արգելքներու լոյսին տակ: Արդարեւ, կարգ մը աղբիւրներ հարցականի տակ կ՛առնեն արտերկրի 220 հազար քուէարկողներու ընտրութեանց մասնակցութեան կարելիութիւնը` նկատի ունենալով արտերկրի դիւանագիտական մարզի պաշտօնեաներու բաց գործադուլի ազդարարութիւնը, իրենց ամսաթոշակներու ուշացման պատճառով: Նաեւ` դիւանագիտական նշանակումներու ձգձգման բերումով այս մարզի կազմերուն մէջ ստեղծուող մարդուժի բացը նոյնպէս կ՛արգելակէ ընտրութեանց հեզասահ...

Անդրադառնալով Տեղական Թէ Արտաքին Հրատապ Հարցերու`  Նասրալլա. «Սխալ Է , Որ Հըզպալլա Կը Միտի Ընտրութեանց Միջոցով Երկու Երրորդ Մեծամասնութիւն Ապահովել Եւ Տիրապետել Խորհրդարանի Որոշումներուն»

Անդրադառնալով Տեղական Թէ Արտաքին Հրատապ Հարցերու` Նասրալլա. «Սխալ Է , Որ Հըզպալլա Կը Միտի Ընտրութեանց Միջոցով Երկու Երրորդ Մեծամասնութիւն Ապահովել Եւ Տիրապետել Խորհրդարանի Որոշումներուն»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան լիբանանեան «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն արտասանած իր ճառին մէջ հերքեց, թէ Հըզպալլա կը միտի երկու երրորդ մեծամասնութիւն ապահովել յառաջիկայ ընտրութեանց միջոցով ու տիրապետել խորհրդարանի որոշումներուն: Ան յայտնեց, թէ եթէ որեւէ փոփոխութիւն տեղի պիտի ունենայ, այդ մէկը կ՛ըլլայ համախոհութեամբ: Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ այս գծով շրջան ընող տեղեկութիւններուն` նշելով, որ կարգ մը դեսպանատուներու մօտ տիրող...

«Էինք Եւ Պիտի Մնանք» Կարգախօսով`  Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց  Տարբեր Ընտրաշրջաններու  Իր Ընտրացանկերը Եւ Դաշինքները

«Էինք Եւ Պիտի Մնանք» Կարգախօսով` Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութիւնը Յայտարարեց Տարբեր Ընտրաշրջաններու Իր Ընտրացանկերը Եւ Դաշինքները

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կազմակերպութեամբ, շաբաթ, 9 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին, «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ յայտարարուեցան տարբեր ընտրաշրջաններուն մէջ կուսակցութեան կազմած ընտրացանկերն ու դաշինքները` «Էինք եւ պիտի մնանք» կարգախօսով: Այս առիթով ներկայացուեցան ընտրական ծրագիրը, կուսակցութեան հետապնդած նպատակներն ու իրագործելիք աշխատանքները, ինչպէս նաեւ Ազգային ազատ հոսանքի եւ քաղաքական այլ ուժերու միջեւ գոյացած ընտրական դաշինքներուն հիման վրայ կազմուած ընտրացանկերուն թեկնածուները...

Վարչապետ Միքաթի Դեսպան Պուխարիի,  Շէյխ Սապահի Եւ Պոկտանովի Հետ Կը Քննարկէ  Լիբանանի Հետ Յարաբերութիւնները  Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Միքաթի Դեսպան Պուխարիի, Շէյխ Սապահի Եւ Պոկտանովի Հետ Կը Քննարկէ Լիբանանի Հետ Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիէն, որ շնորհաւորեց վարչապետը ռամատանի առիթով եւ զայն հրաւիրեց իֆթարի մը, որ պիտի մատուցուի դեսպանատան մէջ: Պուխարի բարձր գնահատեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ճիգերը` Լիբանանի պաշտպանութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ բարձր գնահատեց լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները իրենց բնականոն իրավիճակին վերադարձնելու անոր ջանքերը: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը եղաւ առիթ մը` շեշտելու Լիբանանի...

Սէյիտ Նասրալլա Հիւրընկալեց  Ֆրենժիէն Եւ Պասիլը

Սէյիտ Նասրալլա Հիւրընկալեց Ֆրենժիէն Եւ Պասիլը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին իֆթարի սեղանի մը շուրջ հիւրընկալեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը` ներկայութեամբ այլ պատասխանատուներու: Հանդիպումը եղաւ առիթ մը` քննարկելու համար փոխադարձ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին եւ շրջանին քաղաքական իրավիճակն ու զարգացումները: Հակառակ անոր որ Ֆրենժիէն եւ Պասիլը հաշտեցնելու մասին պաշտօնական ոչ մէկ լուր կայ,...

Խորհրդարանի Նախագահը Անձամբ Հետեւեցաւ  Ալիւրի Եւ Հացի Տագնապին Լուծման Ջանքերուն

Խորհրդարանի Նախագահը Անձամբ Հետեւեցաւ Ալիւրի Եւ Հացի Տագնապին Լուծման Ջանքերուն

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին անձամբ հետեւեցաւ ալիւրի եւ հացի տագնապներուն լուծման ջանքերուն: Այս շրջագիծին մէջ ան Մսայլեհի մէջ ընդունեց փուռերու սենտիքայի նախագահ Ալի Իպրահիմը, որուն ընկերակցեցաւ սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան փուռերուն համար ալիւր ապահովելու կարելիութիւնները, որոնց շրջագիծին մէջ Պըրրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցաւ կարգ մը նախարարութիւններու, ինչպէս նաեւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ: Այդ հաղորդակցութիւններուն շնորհիւ կարելի եղաւ գումար...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 169 վարակուածներ եւ մահացած 3 ուրիշներ: ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը նուազեցաւ 24.200 լ. ոսկիի: ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց Ծաղկազարդի նուիրուած պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ մաղթեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին քուէատուփերէն ո՛չ միայն դուրս կու գան նորընտիր...

Յակոբ Բագրատունի. «Կ՛ողջունենք Քուէյթի  Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպաններուն  Լիբանան Վերադարձը»

Յակոբ Բագրատունի. «Կ՛ողջունենք Քուէյթի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպաններուն Լիբանան Վերադարձը»

«Կ՛ողջունենք Քուէյթի եւ Սէուտական Արաբիոյ դեսպաններուն Լիբանան վերադարձը», նշեց երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի ընկերային ցանցերու իր կատարած մէկ գրառումով: «Բորբոքած Արեւելքի մէջ անպայման, որ եղբայրներ միանան` իրերօգնութեան համար», ընդգծեց երեսփոխան Բագրատունի:  

Page 345 of 988 1 … 344 345 346 … 988

Արխիւներ