Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը հարցազրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու փորձերէն: «Ժողովուրդը պիտի փոթորկի, եւ ոչ մէկ ձեւով ընդունելի է մեզի համար, որ ներկայ խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգուի», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ժողովուրդը այլեւս կը մերժէ հաւ ըլլալ` աւելցնելով, որ երկրին իշխանութիւնները պէտք է երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարեն, ինչպէս նաեւ սահմանադրական ժամկէտներուն համապատասխան նախագահական ընտրութիւն կատարեն:
Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ համախոհութիւնը չի նշանակեր, որ եթէ որոշում մը քաղաքական որոշ ուժի մը շահերուն չի համապատասխաներ, ապա երկիրը պէտք է բռնկեցնել:
Ան հաստատեց, որ ոմանք համախոհութեան եւ ժողովրդավարութեան դէմքը կ՛աղաւաղեն` աւելցնելով, որ նոր դէմքերու գոյութեամբ կարելի է փոփոխութիւն իրականացնել:
«Ճամբաները փակելու ժամանակը անցած է, «Բոլորը այսինքն` բոլորը» կարգախօսին վերջ տուէք եւ ընտրեցէք այն ընտրանին, որուն պատկանելիութիւնը Լիբանանին է եւ որուն աչքը կուշտ է», ըսաւ ան:
Հանրապետութեան հզօր նախագահի մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ հանրապետութեան անաչառ նախագահն է հզօր նախագահը` աւելցնելով, որ եթէ անաչառ այդ անձնաւորութիւնը գտնուի, ապա ինք կ՛ընդունի, որ ան հզօր նախագահն է:
«Լիբանանի վրայ պարտադրուած իրանեան հակակշիռը Լիբանանի դիմագրաւած հարցերէն մէկն է, իսկ մենք կը հետեւինք միայն Արաբական լիկային, եւ եթէ անոր ու Արեւմուտքին հետ մեր յարաբերութիւնները խզենք, ապա մեկուսացած կը դառնանք», ըսաւ ան:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Թաէֆը կը լուծէ առկախ մնացած իրենց բոլոր հարցերը եւ զիրենք կը փրկէ միջազգային մեկուսացումէն:
Պքերքէի եւ Հըզպալլայի միջեւ երկխօսութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ ինք սէյիտ Նասրալլայի հետ հանդիպում մը ունեցած է ազգային մակարդակով եւ ոչ թէ քաղաքական. ան աւելցուց, որ իրենք թշնամիներ չեն:
Լիբանանեան դատական իշխանութիւններուն մասին խօսելով` Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ անոնք քաղաքականացած են` հարց տալով, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին մասին հետաքննութեան իմաստով ո՞ւր են դատական իշխանութիւնները:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ Լիբանանի իսկական տէրը լիբանանցին է եւ երկրին պատմութիւնը` աւելցնելով, որ լիբանանցիներուն գրեթէ 50 առ հարիւրը կը մերժէ Թաէֆի համաձայնագիրը, իսկ մնացեալը կը պահանջէ միջազգային բանաձեւերուն գործադրութիւնը: «Այս իրականութենէն մեկնելով է, որ պահանջեցի միջազգային խորհրդաժողով մը, եւ որովհետեւ իր բնոյթով Լիբանան չէզոք երկիր է, ապա այդ պատճառով կը փափաքինք պաշտպանել անոր գերիշխանութիւնը, իսկ Հըզպալլայի ապազինումը կ՛օժանդակէ Լիբանանի չէզոքութեան գործադրութեան», շեշտեց Ռայի պատրիարքը: