Երէկ երեկոյեան Մրուժի շրջանին մէջ գտնուող «Մրուժ» դեղարանի դեղագործուհի Լէյլա Ռըզք սպաննուած գտնուեցաւ իր դեղարանին մէջ:
Ապահովութեան ուժերը եւ ոստիկանական փաստահաւաք ջոկատը փութացին դէպքին վայրը, ուր հետաքննութիւն բացուեցաւ:
Մրուժ գիւղաքաղաքը ցնցած այս անարգ ոճիրը դատապարտուեցաւ դեղագործներու սենտիքայի նախագահ Ճօ Սալլումի կողմէ, որ գուժեց Ռըզքի մահը եւ ապահովութեան ուժերէն պահանջեց դեղագործներուն ու դեղարաններուն ապահովութիւնը երաշխաւորող յատուկ միջոցառումներ որդեգրել:
Աւելի ուշ դեղագործներու սենտիքայի նախագահը հրապարակեց սենտիքայի վարչութեան որոշումը` այսօր Լիբանանի տարածքին բոլոր դեղարանները փակ պահելու` իբրեւ սուգի արտայայտութիւն Մրուժի ոճիրին դէմ: