Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիքեանը` ընկերակցութեամբ ճարտարարուեստի սեփականատէրերու միութեան նորընտիր խորհուրդին, զոր կը գլխաւորէր Սելիմ Զըհըննի: Այս առիթով նախագահ Աուն բարձր գնահատեց ճարտարարուեստի մարզին մէջ տարուող ճիգերը` նշելով, որ Լիբանան խորապէս նահանջած է յաչս արտաքին կազմակերպութիւններուն: Նախագահ Աուն ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան ներկայիս մուրացկանի նման միջազգային կազմակերպութիւններէն սննդեղէն եւ օժանդակութիւն կը հայցէ:
Իր կարգին, նախարար Պուչիքեան դիտել տուաւ, որ ճարտարարուեստի մարզը նուազագոյն տարողութեամբ ազդուեցաւ վերջին շրջանին Լիբանանը հարուածող տագնապներէն: Ան ընդգծեց, որ ճարտարարուեստի մարզը յաջողեցաւ յաղթահարել ցցուող արգելքները եւ ամրագրել լիբանանեան արտադրութեանց վարկը յաչս արտաքին աշխարհի շուկաներուն:
Նաեւ` Միջազգային Դրամական Ֆոնտի Պատուիրակութեան Հետ
Նշենք, որ նախարար Պուչիքեան երէկ կէսօրէ ետք ընդունեց Միջազգային դրամական ֆոնտի պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննեց ճարտարարուեստի նախարարութեան մշակած ծրագիրներն ու անոնց գործադրութեան կարելիութիւնը` նշեալ ֆոնտին օժանդակութեամբ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Լիբանանի մէջ ֆոնտի գործողութեանց բաժանմունքի պատասխանատու Մունա Քոզի, գործողութեանց բաժանմունքի աւագ վերլուծաբան-հետազօտող Խալիլ Ժպարա եւ սեփական մարզի մասնագէտ Զէյնա Խուրի:


