Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սէյիտ Նասրալլա Հիւրընկալեց Ֆրենժիէն Եւ Պասիլը

April 11, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա անցեալ շաբաթավերջին իֆթարի սեղանի մը շուրջ հիւրընկալեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլը` ներկայութեամբ այլ պատասխանատուներու:

Հանդիպումը եղաւ առիթ մը` քննարկելու համար փոխադարձ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին եւ շրջանին քաղաքական իրավիճակն ու զարգացումները:

Հակառակ անոր որ Ֆրենժիէն եւ Պասիլը հաշտեցնելու մասին պաշտօնական ոչ մէկ լուր կայ, սակայն մեկնաբանութիւններուն համաձայն, Մարատա հոսանքի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարները հաշտութիւն գոյացուցած են` առանց իրենց միջեւ հաշտութիւնը պայմանաւորելու ընտրական դաշինքներով:

Ֆրենժիէ շաբաթավերջին Մարատա հոսանքին մաս կազմող կրթական մշակներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին հաստատեց, որ Պասիլին հետ հանդիպումը իր բնականոն ընթացքով կատարուած է, եւ ընտրական դաշինք չկայ իրենց միջեւ:

Ֆրենժիէ յայտնեց, որ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ նոր էջ մը բանալու կարելիութիւն կայ` աւելցնելով, որ հանդիպումը կատարուեցաւ սէյիտ Նասրալլայի հրաւէրով, «իսկ սէյիտ Նասրալլա որեւէ հանդիպումի երաշխաւոր է», նշեց ան:

Ֆրենժիէ աւելցուց նաեւ, որ ինք պատրաստ էր ընդառաջելու նաեւ որեւէ հանդիպումի, որուն հրաւէրը յղուէր մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կամ հանրապետութեան նախագահին կողմէ:

«Ներքին, շրջանային եւ միջազգային նման զգայուն փուլի մը ընթացքին երկխօսութիւնն ու միասնականութիւնը կը մնան միակ միջոցները», հաստատեց Ֆրենժիէ:

ՆՇԵՆՔ, որ սէյիտ Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ պիտի անդրադառնայ լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններուն:

 

Նախորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Անձամբ Հետեւեցաւ Ալիւրի Եւ Հացի Տագնապին Լուծման Ջանքերուն

Յաջորդը

Վարչապետ Միքաթի Դեսպան Պուխարիի, Շէյխ Սապահի Եւ Պոկտանովի Հետ Կը Քննարկէ Լիբանանի Հետ Յարաբերութիւնները Ամրապնդելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.