Ս. Զատկուան տօնին առիթով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն անցեալ կիրակի առաւօտեան ուղղուեցաւ Պքերքէ, ուր ընդունուեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին կողմէ:
Նախագահ Աուն Ռայի պատրիարքին հետ ունեցաւ 25 վայրկեան տեւած դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք նախագահ Աուն հաստատեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճշդուած թուականին պիտի կատարուին` աւելցնելով, որ ընտրութիւններուն նախապատրաստութիւնները արդէն իսկ աւարտած են:
Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտին հետ սկզբնական համաձայնութիւնը դրական է` աւելցնելով, որ անիկա կրնայ երկիրը անդունդէն դուրս բերելու նախաքայլը ըլլալ:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ խոստմնալից եւ դրական զարգացումներ պիտի արձանագրուին:
«Վճռաբեկ ատեաններու դատախազներուն նշանակումը խոչընդոտողները ծանօթ են բոլորին. անոնք նաեւ կ՛արգելակեն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնը եւ անոնք են, որոնք կասեցուցին կառավարութեան աշխատանքը», ըսաւ նախագահ Աուն:
Իր կարգին, Ռայի պատրիարքը Ս. Զատկուան տօնին առիթով իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ լիբանանցիները պետութեան այլընտրանքը չեն փափաքիր` աւելցնելով, որ անընդունելի է Լիբանանի փրկութեան խորագիրին տակ անոր ինքնութիւնը փոփոխութեան ենթարկել:
ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ Ռայի պատրիարքը, գործակցութեամբ Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերիի, սկսած է Ֆրանչիսկոս պապին Լիբանան այցելութեան նախապատրաստութիւններուն:


