Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վահագն Աթաբէկեան երէկ այցելեց Ազգային ազատ հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:
Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան Լիբանանի եւ Հայաստանի երկկողմանի յարաբերութեանց եւ այս գծով արծարծուող առաջնահերթութիւններուն վրայ: Այս առիթով կարծիքներու փոխանակում կատարուեցաւ նաեւ շրջանային ու միջազգային նորագոյն զարգացումներուն շուրջ:


