Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Դրամատուներուն Մէջ Հաշիւ Ունեցողներուն Իրաւունքէն Հրաժարելու Յայտարարութեան Նպատակն Է Իրարանցում Ստեղծել» Շեշտեց Վարչապետ Միքաթի

April 20, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Դրամատուներու միութեան մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ միութեան նախագահ Սելիմ Սֆէյրի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին ելեւմտական եւ դրամատնային իրադարձութիւնները:

Այս շրջագիծին մէջ Միքաթի հաստատեց, որ կառավարութեան առաջնահերթութիւններէն է տնտեսական տագնապին լուծումը եւ դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու իրաւունքներուն պաշտպանութիւնը:

Միքաթի շեշտեց, որ տնտեսական ապաքինման ծրագիրը կը միտի ժողովուրդին եւ արդիւնաբերական մարզին իրաւունքները պաշտպանել, ինչպէս նաեւ պահպանել դրամատնային համակարգը, որ տնտեսական ապաքինման գործադրութեան հիմնական միջոցն է:

«Դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցողներուն իրաւունքէն հրաժարելու եւ դրամատնային համակարգը հարուածելու մասին յայտարարութիւններուն նպատակն է իրարանցում ստեղծել», ըսաւ ան:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը, փոխնախագահ Հասան Ֆաքիհը, ինչպէս նաեւ համադաշնակցութեան այլ պատասխանատուներ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ պետական մարզի պաշտօնեաներուն, զինուորականներուն եւ հանգստեան կոչուած զինուորականներուն համար ճշդուած գումարները աստիճանաբար վճարելու հարցը` նախքան տօնական օրերու աւարտը:

Այս նպատակով վարչապետ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ելեւմուտքի նախարարին հետ` դիւրացնելու համար նիւթական պարտաւորութիւնները կատարելու քայլը:

Վարչապետ Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիոն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական հարցերը:

Նշենք, որ վարչապետ Միքաթի վաղը` հինգշաբթի, 21 ապրիլ 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, պիտի նախագահէ կառավարութեան ընթացիկ նիստին, որ պիտի գումարուի վարչապետարանին մէջ:

Նախորդը

Ֆանարի Մէջ Բռնկած Հրդեհ Մը Կը Պատճառէ Զոհեր Եւ Վիրաւորներ

Յաջորդը

Խորհրդարանի Նախագահը Ընդունեց Սէուտական Արաբիոյ, Քաթարի Եւ Քուէյթի Դեսպանները

RelatedPosts

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի  Իր Հողերուն Վերատիրանալու  Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի. «Թիւ 1701 Որոշումը Լիբանանի Իր Հողերուն Վերատիրանալու Իրաւունքը Կ՛երաշխաւորէ»

November 7, 2026
Շէյխ Խաթիպ. «Կը Զօրակցինք Երդման Ճառին»
Լիբանանեան

Շէյխ Խաթիպ Դատապարտեց Հինգ Դեսպանատուներու Հաղորդագրութիւնը

November 7, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի  Պատուիրակութիւնը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի Պատուիրակութիւնը

November 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.