Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Կեցուածքներ

Ապրիլ 26, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժըպրան Պասիլ

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը, որ զետեղուած էր Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին լուսանկարին վրայ. «107 տարի, եւ ճշմարտութիւնը չէ թաղուած ու պիտի չթաղուի»:

Նիքոլա Սահնաուի

Հզօր Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Նիքոլա Սահնաուի թուիթըրեան իր հաշիւով տեղադրեց տեսերիզ մը, որուն մէջ կ՛երեւի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին անմար կրակը եւ հետեւեալ գրութիւնը. «Պիտի յիշենք եւ լուռ պիտի չմնանք: 24 ապրիլ` Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի օր»:

Ֆարիտ Հայքալ Խազեն

Երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ինչպէս որ 107 տարի առաջ հայերը ցեղասպանութեան ենթարկուեցան, ահա մենք այսօր կ՛ենթարկուինք դանդաղ ցեղասպանութեան` ենթարկուելով սովի, աղքատացումի, անիրաւութեան եւ նուաստացումի: Հայոց ցեղասպանութեան առիթով յարգանքի ողջոյն` հայ ժողովուրդին, որ կը պայքարի Լիբանանի եւ ամբողջ աշխարհի մէջ»:

Էմիլ Ռահմէ

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ թուիթըրեան իր հաշիւով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «107 տարիներ անցած են Հայոց ցեղասպանութենէն: Մէկուկէս միլիոն նահատակներ զոհ գացին այդ մութ գիշերուան ընթացքին գործուած ահաւոր արարքին, որմէ բացակայեցաւ մարդկային խիղճը` զայն փոխարինելով աննկարագրելի վայրագութեամբ մը, որուն նպատակն էր ամբողջ ժողովուրդ մը բնաջնջել եւ քարտէսին վրայ անոր գոյութիւնը ջնջել: Սակայն այդ փորձը ձախողեցաւ` հակառակ անոր արժած սուղ գինին, որովհետեւ հայ ժողովուրդը յաղթեց այդ ողբերգութեան եւ աղէտին: Հայ ժողովուրդը գրեց իր պատմութեան պայծառ էջերը, որոնց ընդմէջէն հաստատեց, որ արժանի է կեանքի: Հայութիւնը հպարտութեան ներշնչարան է, որովհետեւ ան Հայաստանը իր սրտին եւ խղճին մէջ կը կրէ` փաստելով, որ ինք արդիւնաբեր ներուժ է, որ կը կառուցէ ու չի քանդեր:

Լիբանանի մէջ հայութեան դերակատարութիւնը կը դրսեւորուի տնտեսութեան, ճարտարարուեստի եւ ձեռարուեստի մարզերուն մէջ անոր ունեցած շինիչ ներդրումներով: Իսկ Լիբանանի հանդէպ անոր հաւատարմութիւնն ու նուիրումը անոր անկեղծութեան խորքին հիմնական փաստն է: Ներում չկայ եւ մոռացում չկայ, այնքան ատեն որ Հայոց ցեղասպանութեան դահիճը իր պատմական պատասխանատուութիւնը կը մերժէ ստանձնել»:

Ուատիհ Խազեն

Մարոնի համայնքի համադաշնակցութեան նախագահ, նախկին նախարար Ուատիհ Խազեն Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ անցեալ դարուն Օսմանեան կայսրութիւնը գործադրեց մէկուկէս միլիոն հայերու սպանութիւնը:

Ան հաստատեց, որ հայութեան դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը եւ հայութեան քալած գողգոթան նման է լիբանանցիներուն դէմ Օսմանեան կայսրութեան գործադրած անիրաւութեան, սովին ու մայրաքաղաք Պէյրութի հրապարակին վրայ Օսմանեան կայսրութեան պատրաստած կախաղաններուն, որոնց վրայ բարձրացան Լիբանանի ազատութիւնը պահանջող մտաւորականները:

«Այս առիթով, պատմութեան ընթացքին տանջանք վկայած լիբանանցիներս կ՛ողջունենք Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը` մաղթելով, որ մեր հայրենիքը կ՛ունենայ այն խաղաղութիւնը, որուն արժանի է», ըսաւ Խազեն:

Նատա Պուսթանի

Նախկին նախարար Նատա Պուսթանի կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը` զայն կցելով հայկական եկեղեցի մը եւ եկեղեցւոյ խորանը պատկերող լուսանկարներու հետ. «107 տարիներ անցան,  եւ հայ ժողովուրդը կը գոյատեւէ վճռակամութեամբ եւ հաստատ քայլերով կը շարունակէ իր պայքարի երթը` առանց առիթ տալու, որ իր Դատը մեռնի: Իրաւունքը պիտի յաղթէ եւ ճշմարտութիւնը պիտի բացայայտուի: Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը` 24 ապրիլը կը յիշենք եւ չենք մոռնար»:

Էլիաս Հանքաշ

Հրաժարած երեսփոխան Էլիաս Հանքաշ Ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով կը գրէ. «Այսօր կը յիշենք 20-րդ դարու ամէնէն բարբարոսական ոճիրը, որուն ընթացքին կանխամտածուած եւ ծրագրուած ցեղասպանութիւն գործադրուեցաւ ամբողջ ժողովուրդի մը դէմ: Ցեղասպանութեան ընթացքին նահատակուեցան աւելի քան մէկուկէս միլիոն հայեր, եւ քանդուեցաւ անոնց մշակութային եւ քաղաքակրթական հարստութիւնը: Կը յուսանք, որ բոլորին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կ՛ըլլայ նախաքայլը, որ մարդկութիւնը կ՛ուղղուի դէպի երկխօսութիւն եւ խաղաղութիւն»:

Զիատ Հաուաթ

Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Զիատ Հաուաթ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով կատարեց թուիթըրեան հետեւեալ գրառումը. «Երբ հայ ժողովուրդին դէմ ցեղասպանութիւն գործադրուեցաւ, Լեռնալիբանանը պաշարուած էր, եւ անոր ժողովուրդը ցեղասպանութեան կ՛ենթարկուէր սովի եւ աղքատացումի ճամբով: Լիբանանի եւ Ժիպէյլի մէջ հայութեան հետ մեր կապը հիմնուած է գոյատեւման կամքի վրայ, ինչպէս նաեւ` արժանապատիւ կեանքի, կրօնի ազատութեան եւ արժանապատուութեան համար պայքարելու վրայ»:

Նետիմ Ժեմայէլ

Հրաժարած երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ իր կարգին կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Իրաւացի դատերը կը ծնին ցաւալի եւ աղէտալի դէպքերու արգանդէն… Հայոց ցեղասպանութիւնը պիտի յիշենք»:

Նաամաթ Աֆրամ

Հրաժարած երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ իր կարգին կատարեց հետեւեալ թուիթըրեան գրառումը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը յիշատակը անմար կրակ է, որուն բոցերը վառ կը մնան` ճշմարտութեան եւ արդարութեան համար պայքարող իւրաքանչիւր հայու յիշողութեան մէջ»:

Ազգային Ազատ Հոսանք

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ընկերային ցանցերուն համար իր ստորագրութեամբ եւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով պատրաստեց եւ հրապարակեց լուսանկար մը, որուն մէջ կ՛երեւան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին անմար կրակն ու անոր շուրջ զետեղուած ծաղիկները: Լուսանկարին վրայ նշուած էր հետեւեալը. «Իրաւունքը կը ծաղկի եւ չի թաղուիր»:

Փաղանգաւոր Կուսակցութիւն

Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը ընկերային ցանցերուն համար պատրաստեց եւ հրապարակեց լուսանկար մը, որուն մէջ կ՛երեւի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը, որուն վրայ զետեղուած էր հետեւեալ գրութիւնը. «Բնաւ չմոռնալ: 1915, յիշելով Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Նիզար Ֆրանսիս

Բանաստեղծ Նիզար Ֆրանսիս Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը, որ զետեղուած էր Ցեղասպանութեան լուսանկարի մը վրայ. «Անցեալին գործուած Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը ամբողջ ժողովուրդին հաշուոյն գործուած ցաւալի յիշատակ է: Որքան ալ մտածենք, որ ոճիրէն երկար ժամանակ անցած է, այդ ոճիրը կը մնայ յանցագործին ճիտին պարտքը»:

Շամել Ռուքոզ

Երեսփոխան Շամել Ռուքոզ թուիթըրեան իր հաշիւով զետեղեց Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին լուսանկարը եւ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Հայ ժողովուրդի նահատակներուն ամէնօրեայ յիշատակը. 24 ապրիլ 2022»:

Լիբանանեան Ուժեր Կուսակցութիւն

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով հրապարակեց Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող լուսանկար մը, որուն վրայ գրուած էր հետեւեալը. «Հայոց ցեղասպանութիւնը վայրագ փորձ մըն էր սպաննելու հայկական ինքնութիւնը»:

Հալա Հատտատ

«Վանայ Ձայն»-ի հաղորդավար Հալա Հատտատ թուիթըրեան իր գրառումը կցեց Պահանջատիրական երթի լուսանկարով մը: Անոր գրառումը հետեւեալն էր. «Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս կատարուած խղճի քայլարշաւ մը: Հայոց ցեղասպանութեան թոռները իրենց արդի պատմութեան մէջ տակաւին կը յիշեն եւ կը պայքարին 20-րդ դարու մեծագոյն ոճիրին` Ցեղասպանութեան համար ճանաչում ապահովելու, ինչպէս նաեւ` ներում ու հատուցում պահանջելու: Աստուած ձեր ուժը աւելցնէ եւ ձեզմէ հեռացնէ քացախի որդը, որովհետեւ 107 տարի ետք ի յայտ եկած են Դատը ծախողներ»:

 

Նախորդը

Պէյրութի Ամերիկեան Դեսպանատունը Եւս Կ՛արձագանգէ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեանի Գրառումը

RelatedPosts

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Լիբանանեան

Բագրատունի Վերընտրուեցաւ Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Ինչպէս Նաեւ Խորհրդարանական Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»
Լիբանանեան

Ատուան. «Կը Պնդենք Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու Վրայ, Եւ Լուծումը Արտերկիր Գտնուողներու Քուէարկութեան Օրէնքի Բարեփոխումն Է»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը
Լիբանանեան

Պուխարի Ռաժժիին Յանձնեց «Էքսփօ Ռիատ 2030»-ին Լիբանանի Մասնակցութեան Հրաւէր Մը

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?