Երիտասարդութեան հարցերու եւ մարմնակրթութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ոչ ոք կրնայ պատմութեան դէմքը փոխել կամ շրջել փորագրուած այն ճշմարտութիւնները, որոնք կը փաստեն ոճրագործին յանցանքը: Գործուած այս ոճիրը ճանչնան կամ ոչ` դահիճին թոռը կը մնայ ոճրագործ, նոյնիսկ երբ ան կը փորձէ իր սեւ մատնահետքերը թաքցնել:
«Այսօր, Հայոց ցեղասպանութենէն 107 տարի ետք, նահատակներուն ձայնը տակաւին կ՛արձագանգէ պատմութեան խորերէն` արդարութիւն պահանջելով, իսկ ոճրագործը կը շարունակէ յամառիլ` մերժելով Ցեղասպանութեան ճանաչումը:
«Հայութեան եւ մարդկային արդարութեան դէմ գործուած Ցեղասպանութիւնը պիտի մնայ այդ արարքը գործողին ճակտին վրայ դրոշմուած ամօթի կնիք: Իսկ իրաւունքը պիտի չկորսուի երբե՛ք: Մենք` Ցեղասպանութեան նահատակներուն թափած արեան ժառանգորդներս, պիտի յիշենք եւ անձնատուր պիտի չըլլանք»: