Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ ուղղուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատ, ուր կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին պիտի գումարուէր խորհրդարանի լիագումար նիստ մը` արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի նկատմամբ վստահելիութեան մասին հարց յարուցելու նպատակով:
Նիստին ներկայ գտնուեցան 53 երեսփոխաններ, հետեւաբար Պըրրի չեղեալ նկատեց նիստը` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դէմ ուղղուեցան ամբաստանութիւններ` ընտրական օրէնքը փոփոխութեան ենթարկելու իմաստով, սակայն իրականութիւնը այն է, որ Ազգային ազատ հոսանքը ոչինչ կատարած է եւ գործուած ոչ մէկ սխալի պատասխանատուութիւն ստանձնելու վիճակին մէջ կը գտնուի:
Պասիլ հաստատեց, որ եթէ կայ քաղաքական ուժ մը, որ անխոհեմութիւն կատարած է` արտերկրի լիբանանցիներու արձանագրութիւններուն պարագային, պէտք է ինք ստանձնէ պատասխանատուութիւնը եւ ոչ թէ քաղաքական այլ ուժերու վերագրէ այդ սխալին պատասխանատուութիւնը:
Միւս կողմէ, արտաքին գործոց նախարար Պու Հապիպ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց երեսփոխաններուն, յատկապէս Հզօր հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխաններուն, որոնք
իր վստահելիութեան մասին հարց յարուցելու բողոքագիրը ստորագրած էին: «Այս պահանջը կը դրսեւորէ լիբանանեան խորհրդարանին ժողովրդավարական գործունէութիւնը, որ հիմնուած է երկխօսութեան եւ հաշուետուութեան վրայ», ըսաւ ան:
Պու Հապիպ ընդգծեց, որ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ որդեգրուած քաղաքականութեան նպատակն է նախարարութիւնն ու անոր անձնակազմը հեռու պահել քաղաքական եւ ընտրական տարակարծութիւններէ ու բանավէճերէ, եւ անոր աշխատանքը սահմանափակել թեքնիք ու կազմակերպական դերակատարութեան մէջ:
Պու Հապիպ յայտնեց, որ իբրեւ արտաքին գործոց նախարարութիւն իրենք փորձառութիւն ունին նախորդ ընտրութիւններէն եւ միջազգային դէտերուն դիտողութիւններէն` ճշդելու քուէարկողին տան հասցէն: «Հետեւաբար մեր նպատակն է քուէարկութեան հոլովոյթը դիւրացնել` զայն բարդացնելու փոխարէն», ըսաւ ան եւ ներկայացուց արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ դեսպանատուներուն ցարդ յղուած նամակներն ու ցուցմունքները:
Ան հաստատեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը քաղաքական ուժերու ընտրական մեքենաներու սխալներուն պատասխանատուութիւնը չի ստանձներ:
Ընդհանուր Ապահովութեան Տնօրէնութիւնը Կը Կասեցնէ Անցագիրներու Համար Տրամադրուած Առցանց Ժամադրութեան Դրութիւնը
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ 2020-էն ի վեր այս տնօրէնութիւնը կ՛ենթարկուի լիբանանեան անցագիրներու պահանջի հսկայ ճնշումի մը:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը 2021-ի սկիզբէն դիմած էր վարչական պէտք եղած քայլերուն` անցագիր հայթայթելու աշխատանքը շարունակելու համար, սակայն ան ներկայիս կը գտնուի կատարուած իրողութեան դիմաց` երբ անցագիրներ չկան այլեւս, վերջ գտած են:
«Հետեւաբար Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը կասեցուց անցագիրներու համար տրամադրուած առցանց ժամադրութեան դրութիւնը` պաշտպանելու համար իր վստահելիութիւնը եւ քաղաքացիներուն պարզապէս խոստումներ տուած չըլլալու հանգամանքը: Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութիւնը անցագիր պիտի յանձնէ բոլոր անոնց, որոնք նախապէս ժամադրութիւն ստացած են», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Բանակին Դէմ Ահաբեկչական Գործողութիւններ
Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ չորեքշաբթի, 27 ապրիլ 2022-ին, Ուատի Խալետի մէջ բանակը փորձած է ձերբակալել սուրիական քաղաքացիութիւն կրող Մ. Մ.-ն, որ զէնք եւ պայթուցիկ նիւթերու մաքսանենգում կը կատարէր` ի նպաստ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութեան:
Այս գործողութեան ընթացքին Մ. Մ. փորձեց բանակայինները վրայերթի ենթարկել` փախուստի նպատակով, սակայն բանակայինները փորձեցին արգիլել անոր փախուստը, եւ կրակոցներուն պատճառով ան սպաննուեցաւ:
Բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց նաեւ երկրորդ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հաստատուեցաւ, որ այդ գործողութենէն քանի մը ժամ ետք, 27 ապրիլ 2022-ի գիշերուան ժամը 10:00-ին, լիբանանեան բանակի Մաժտալ-Աքքար գիւղաքաղաքի կեդրոնը սահմանամերձ գիւղաքաղաքի մը կողմէ կրակոցի թիրախ դարձաւ:
Հաղորդագրութեան մէջ հաստատուեցաւ, որ բանակը պէտք եղած ապահովական միջոցառումներուն դիմած է` հակակշռելու համար տիրող կացութիւնը: