ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Թրիփոլիի պատահարին մասին ընկերային ցանցերուն վրայ կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Մեր սիրելի Լիբանանը հարուածած ողբերգական իւրաքանչիւր դէպքէ ետք, կը վկայենք դատապարտումի ալիքներ, պատասխանատուութիւնները իրարու վրայ նետելու քայլեր եւ տուեալ որբերգութիւնը քաղաքական շահարկումի ենթարկելու փորձեր… Հետեւաբար Թրիփոլիի մահուան նաւուն ընկղմելուն ողբերգութեան դիմաց կը բաւարարուինք նահատակներու հոգիներուն համար աղօթելով, ապաքինում կը մաղթենք վիրաւորներուն եւ հաշուետուութիւն` ողբերգութիւնը պատճառողին»:


