Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Արտակարգ Նիստի Մը Ընթացքին Քննարկեց Թրիփոլիի Նաւուն Թղթածրարը

April 27, 2022
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:30-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց արտակարգ նիստ մը` քննարկելու համար Թրիփոլիէն ապօրինի կերպով ճամբորդներ փոխադրող ծովամոյն դարձած նաւուն վերաբերող հարցեր:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն նախքան նիստը սկսիլը ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:

Կառավարութեան նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելով Թրիփոլիի զոհերուն յիշատակը:

Նիստին հրաւիրուեցան նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, բանակի գաղտնի սպասարկութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ Անթուան Քահուաժի ու լիբանանեան բանակի ծովուժի հրամանատար գնդապետ-զօրավար Հայսամ Տանաուի, որոնք շօշափելի տուեալներով ներկայացուցին ծովամոյն դարձած նաւուն մասին տեղեկագիրն ու բացուած հետաքննութեան նախնական արդիւնքները:

Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ ծովամոյն դարձած նաւուն դէպքը ցաւոտ է բոլորին համար` աւելցնելով, որ այդ հարցը պէտք է ամէն իմաստով լուծել:

Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ դատական իշխանութիւնները պէտք է հսկեն հետաքննութեան` նկատի ունենալով, որ նաւուն ընկղմելուն մասին տարբեր վարկածներ եւ հակասութիւններ կան: «Դատական իշխանութիւնները պէտք է հետաքննութիւնը կատարեն` բացայայտելու համար ճշմարտութիւնը եւ վերջ տալու համար որեւէ տեսակի հերետիկոսութեան կամ հակասութիւններու», ըսաւ նախագահ Աուն` ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ անյայտ կորսուած ճամբորդներուն ճակատագիրը բացայայտուի:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ մնայուն որեւէ լուծում կը սկսի պաղեստինցի ժողովուրդի տանջանքներուն վերջ մը դնելով, «այնպիսի լուծում, որ ըլլայ մնայուն, ամբողջական եւ կայուն, հիմնուած` երկու պետութիւններ կերտելու եւ միջազգային օրինականութեան որոշումները գործադրելու սկզբունքին վրայ:

Ան հաստատեց, որ Լիբանան շատ սուղ վճարած է եւ կը շարունակէ վճարել իսրայէլեան-պաղեստինեան տագնապին գինը` աւելցնելով, որ լիբանանեան հողերուն բռնագրաւուած ըլլալը չ՛օժանդակեր քննարկելու համար խաղաղութեան բանակցութեան կարելիութիւնը` նախքան իսրայէլեան ուժերուն հեռացումը այդ հողերէն:

Նախագահ Աուն ընդգծեց Եւրոպական Միութեան երկիրներուն կողմէ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Ան շեշտեց, որ Լիբանան այլեւս ի վիճակի չէ հանդուրժելու տեղահանուածներուն կողմէ իրեն հասած վնասներուն հետեւանքները:

Իր կարգին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ ինք կտրականապէս կը մերժէ աջ ու ձախ բաշխուած մեղադրանքները` աւելցնելով, որ դատական սկզբունքներու հիման վրայ պիտի հետապնդեն ընկղմած նաւուն հետաքննութիւնը` հասնելու համար ճշմարտութեան:

Միքաթի նկատել տուաւ, որ լիբանանեան բանակին հանդէպ իր վստահութիւնը մեծ է` նկատել տալով, որ իրենք վստահ են, թէ բանակը յանձնառու է բոլոր լիբանանցիներուն անվտանգութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ հետաքննութիւն կատարելու:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ բանակի հրամանատարը ինքզինք, հրամանատարութիւնն ու բանակայինները դատական իշխանութիւններուն տրամադրութեան տակ դրած է:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը որոշեց կազմել յանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն է սերտել հիւսիսային Լիբանանը զարգացնելու կարելիութիւնը, ինչպէս նաեւ ընկերային հարցերու նախարարութեան յանձնարարեց կապի մէջ ըլլալ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ` նահատակներու ընտանիքներուն օժանդակութիւն ապահովելու նպատակով:

Մքերի հաստատեց, որ նախարարաց խորհուրդը խստիւ դատապարտած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ուալիտ Ֆայեատի խոշտանգումը` պահանջելով խիստ պատիժներ տնօրինել յանցագործներուն դէմ:

Այս շրջագիծին մէջ պէտք է նշել, որ նախարար Ֆայեատը խոշտանգած յանցագործ Էլի Հայքալ երէկ երեկոյեան ինքզինք յանձնեց Զուք Մուսպեհի ոստիկանութեան:

Նշենք, որ կառավարութեան նիստէն ետք վարչապետ Միքաթի մեկնեցաւ Սէուտական Արաբիա:

30 Միլիոն Եւրոյի Օժանդակութիւն`
Լիբանանցի Ժողովուրդին

Լիբանանի մէջ    ֆրանսական դեսպանատունը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ լիբանանցի ժողովուրդին պիտի տրամադրուի 30 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն` Սէուտական Արաբիոյ եւ Ֆրանսայի կողմէ, որպէսզի երկրին մէջ գործադրուին մարդասիրական եւ բարգաւաճման ծրագիրներ:

Կը նախատեսուի, որ այս գումարները յատկացուին առողջապահութեան եւ սննդեղէնի ապահովութեան մարզերուն հզօրացման, ինչպէս նաեւ Թրիփոլիի կառավարական հիւանդանոցի զօրակցութեան:

Քեփիթըլ Քոնթրոլի Օրինագիծը
Քննարկելու Նիստը Յետաձգուեցաւ

Խորհրդարանի միացեալ յանձնախումբերուն նիստը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուէր Քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը, երէկ ջնջուեցաւ` օրինաթիւի չգոյութեան պատճառով:

Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան հաստատեց, որ այդ օրինագիծը մերժելի է:

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ պահանջուածը դրամատուներուն մէջ հաշիւ ունեցող քաղաքացիներու գումարներուն փրկութիւնն է եւ ոչ թէ աւազակութեան օրինականացումը:

Մուսթաքպալ պլոքը իր կարգին մերժեց ներկայ գտնուիլ երէկուան նիստին:

Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ միացեալ յանձնախումբերու անդամ երեսփոխանները որոշած են յետաձգել Քեփիթըլ քոնթրոլի օրինագիծը քննարկելու նիստը:

ՆՇԵՆՔ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 28 ապրիլ 2022-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ: Նիստին ընթացքին արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ապտալլա Պու Հապիպի նկատմամբ վստահելիութեան հարց պիտի յարուցուի: աւորներուն:

Ան յոյս յայտնեց նաեւ, որ անյայտ կորսուած ճամբորդներուն ճակատագիրը բացայայտուի:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Պայրամով Եւ Խովայեւ Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ Հաղորդակցութիւններու Բացման Ու Սահմանազատման Հարցերը

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.